Թիւ 424 - ՈԳԻ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

Եթէ ամեակները չըլլային, հաւանաբար անհրաժեշտութիւնը չզգայինք կարգ մը երեւոյթներու անդրադառնալու։
Տարբեր չէ «Մարզիկ»ի 42-ամեակի պարագան, որ առիթ կու տայ խորհրդածելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան այս հրատարակութեան մասին։ Իբրեւ սկզբունք, իւրաքանչիւր թերթ իր ընկերութեան հայելին է։ Ան կը ցոլացնէ ընկերութեան առօրեան՝ իր պայծառ ու մութ էջերով։ Թերթին էջերէն յստակօրէն կ’երեւին գեղեցիկն ու տգեղը, լաւն ու վատը։ Իրականութիւն փնտռողը հարկ է որ այդ հայելիէն առնէ իր պատկերները։ Թերթը ընկերութեան մը ձայնն է։ Արտայայտիչը անոր տագնապներուն եւ յոյսերուն, յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն։ «Ձայն բազմաց ձայնն… մամուլի»։ Թերթը նաեւ մտածող ընկերութեան մը ուղեղն Շար...