Ընթացք Կ’առնեն Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ Մարզախաղերու Քարոզչական Օժանդակ Խումբին Աշխատանքները

Ուրբաթ, 23 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8.30-ին, իր առաջին առցանց հանդիպումը ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու քարոզչական օժանդակ խումբը, որուն մաս կը կազմեն 15 քոյր-եղբայրներ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի, Արցախի, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Մ. Նահանգներու եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջաններէն։

Խումբի անդամներուն պարտականութիւնն է մարզախաղերու նախօրեակին եւ ընթացքին, Հայաստանէն թէ իրենց ապրած շրջաններէն, գործնական աշխատանքներով օժանդակել Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին։

Առցանց հանդիպումին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Աւագեան բացատրեց խումբին ստեղծման նպատակը, աշխատանքներուն ծիրը եւ նշեց, որ առաջին անգամն է, որ նման խումբ մը կը ստեղծուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութեան մը քարոզչութիւնը ազդեցիկ, հետեւողական եւ նորարար ձեւով կատարելու համար։

Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան խումբի անդամներուն ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին մշակած քարոզչական ծրագիրը, որուն գործադրութեան համար աշխատանքի հրաւիրուած են քոյրերն ու եղբայրները։ Եղբ. Տէմիրճեան լայնօրէն անդրադարձաւ ծրագիրի զանազան բաժիններուն եւ անոնց իրագործման համար պահանջուող ճիգին ու ժամանակին։ Խումբի անդամները իրենց հարցումներով եւ տեսակէտներով աւելի եւս հարստացուցին հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ։

Հովանաւորներ