Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ Ֆոնտի Իրականացուցած Ծրագիրները
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ ֆոնտը իր կազմութենէն ետք գումարեց 5 նիստեր, որոնց ընթացքին որոշեց հետագայ ընելիքները եւ համապատասխան ծրագիրները: Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախ ֆոնտի միջոցներով Հոկտեմբեր 2023-էն Նոյեմբեր 2024 իրականացած ծրագիրները:
-15 Հոկտեմբերէն մինչեւ 2023-ի աւարտը արձանագրուած արցախցի գաղթական ընտանիքներուն բաժանուեցան տաք հագուստներ, 650 բարձեր եւ վերմակներ, առողջապահական իրեր և քաղցրեղէն:
- 29 Հոկտեմբեր 2023-ին իրականացաւ սկաուտական հաւաք, որուն մասնակցեցան 150 սկաուտներ Արցախի Մեկուսի շրջանէն եւ պատասխանատուներ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն: Ծրագիրին նպատակն էր տեղահանուած սկաուտներու բարոյահոգեբանական վիճակնի բարելաւումը եւ համախմբումը, որ իրականացաւ ամբողջութեամբ եւ արդիւնաւէտ կերպով:
-12 Նոյեմբեր 2023-ին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի Վահան Չերազ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան ֆութսալի միջ-մասնաճիւղային մրցումներ, որոնց մասնակցեցան Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտները իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ: Ստեղծուած մթնոլորտը օգնեց ներկաներուն որոշ ժամանակով կտրուելու իրենց ծանր առօրեայէն:
-24 Դեկտեմբերի 2023-ին Երեւանի մէջ, իսկ 24, 25 եւ 26 Դեկտեմբերի 2023-ին Արմաւիրի մէջ կազմակերպուեցան Ամանորի ձեռնարկներ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ աստիճանաւորներու ու սկաուտներու ջանքերով։ Ձեռնարկներուն մասնակցեցան Արցախէն տեղահանուած 350 մանուկներ եւ պատանիներ, որոնք արձանագրուած էին վերոնշեալ ցանկերուն մէջ: Ուրախ մթնոլորտի մէջ, տարիքային զանազան բաժանումներով, երեխաները խաղացին սկաուտական խաղեր, երգեցին ու պարեցին, սորվեցան ազգային պարեր, դիմաւորեցին
Կաղանդ Պապուկն ու Ձիւնանուշիկը եւ վերջաւորութեան ստացան նուէրներու տոպրակներ: Հարկ է նշել որ Երեւանի մէջ երեխաներուն հետ միասին ծրագիրին հետեւեցան մեծ թիւով ծնողներ, որոնք վերջաւորութեան մեծ ոգեւորութեամբ հեռացան նոր հանդիպումի եւ ձեռնարկներու ակնկալութեամբ: Ծրագիրին ընթացքին նախատեսուած էր նաեւ հիւրասիրութիւն բոլորին համար:
- 7 Ապրիլ 2024-ին, Զատկուան տօնին նախօրեակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի անդամներու 53 ընտանիքներուն տրամադրուեցան Սիթի հանրախանութներու 40.000 դրամ արժողութեամբ գնումներու քարթեր:
- 21 Ապրիլին, Արմաւիրի Մաղաքեան սկաուտական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու հաւաք, որուն մասնակցեցան 12 ծնողներ եւ 34 երեխաներ: Ծրագիրը նպատակ ունէր հիմը դնել Արմաւիրի մէջ Արցախի Մեկուսի շրջանի խումբին: Ծրագիրին ընթացքին ներկաներուն ներկայացուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Արցախի Մեկուսի շրջանին մասին տեղեկութիւններ եւ ընդհանրապէս սկաուտական խումբերու եւ աշխատանքներու մասին ծանօթութիւններ: Երեխաներու հետ իրականացաւ գործունէութիւն, որուն շնորհիւ ոմանք ցանկութիւն յայտնեցին մաս կազմելու նոր կազմուող խումբին: Ծրագիրը իրականութեան մէջ փորձ մըն էր, որուն հիման վրայ հետագային ձեւաւորուեցան եւ իրականացան բակային ճամբարները: Վերոնշեալ ծրագիրին շնորհիւ կազմուած խումբը 18 սկաուտներով եւ 20 գայլիկներով մասնակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարդան Բախշեան մասնաճիւղի տարեկան բանակումին:
-20 Յուլիսէն 8 Սեպտեմբեր 2024-ին ի գործ դրուեցաւ բակային ճամբարներու ծրագիրը, որուն մէջ ներգրաւուեցան ընդհանուր առմամբ 850 արցախցի երեխաներ, Մասիս եւ Աբովեան քաղաքներէն: 6- 14 տարեկան երեխաները իւրաքանչիւր Շաբաթ եւ Կիրակի, 7-8 ժամ տեւողութեամբ մասնակցեցան իրենց համար նախատեսուած ծրագիրներուն եւ օրուան ընթացքին օգտուեցան իրենց համար նախատեսուած երեք անգամուան սնունդէն: Ծրագիրը իր մէջ ներառեց զանազան բաժիններ՝ սկսեալ տարբեր արհեստներուեւ մշակոյթի ճիւղերու հետ ծանօթացումէն մինչեւ այցելութիւններ Երեւան, թանգարաններ, կենդանաբանական այգի եւ խաղահրապարակ: Ծրագիրին ընթացքին մասնակից երեխաները Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտ պատասխանատուներուն հետ շփուելով ծանօթացան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կազմակերպութեան եւ սկաուտութեան, որուն շնորհիւ ձեւաւորուեցան Մասիս եւ Աբովեան քաղաքներու Արցախի Մեկուսի շրջանի նոր խումբերը: Ծրագիրը աւարտեցաւ միօրեայ ծրագիրով Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտչեան»ի անուան բանակավայրին մէջ, ուր մասնակից երեխաները օր մը անցուցին սկաուտական կեանքով եւ աւելի եւս ոգեւորուեցան, որպէսզի հետագային մաս կազմեն վերոնշեալ սկաուտական խումբերուն: Հարկ է նշել որ ծրագիրի աւարտին հանդիպումներ նախաձեռնուեցան մասնակից երեխաներու ծնողներու հետ, ուր աւելի մանրամասն ներկայացուեցան մեր կազմակերպութիւնը եւ առաքելութիւնը: Այս հանդիպումներուն ընթացքին ականատեսը եղանք ծնողներու դրական եւ շնորհակալական արձագանգներուն: Նման արձագանգներ ստացան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութիւնները իրենց ընկերային ցանցի էջերուն վրայ: Ծրագիրի դրական արդիւնքները հաշուի առնելով կայ զայն շարունակելու եւ ընդլայնելու հեռանկար:
- 12-20 Օգոստոս 2024-ին Արցախի Մեկուսի շրջանի 10 սկաուտներ եւ պատասխանատու մը մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի ցամաքամասային առաջին բանակումին, Շուէտի մէջ: Բանակումին մասնակցութիւնը չափազանց մեծ ոգեւորութիւն եւ փորձառութիւն էր մասնակիցներուն համար, որոնցմէ շատերուն առաջին հնարաւորութիւնն էր ընդհանրապէս ճամբորդելու:
- 11-18 Օգոստոս 2024-ին Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտչեան»ի անուան բանակավայրին մէջ տեղիունեցաւ Արցախի Մեկուսի շրջանի տարեկան բանակումը, որուն մասնակցեցան 96 սկաուտներ եւ գայլիկ-արծուիկներ: Ծրագիրը իրականացաւ ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ: Միաժամանակ բանակավայրը օգտագործեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի սկաուտները իրենց համաերեւանեան բանակումին համար: Բանակավայրին մէջ տիրեց իտէալական համագործակցութեան եւ հոգատար մթնոլորտ իրարու նկատմամբ:
- Արցախի Մեկուսի շրջանի խմբապետը մասնակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբապետական համագումարին Գահիրէի մէջ: Եղբօր մասնակցութիւնը մեծ հնարաւորութիւն տուաւ իրեն շփուելու փորձառու խմբապետներու հետ, պատկերացում կազմելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական կառոյցի ներուժին եւ հնարաւորութիւններուն, մասին սկաուտական գիտելիքներու նոր մակարդակով վերադառնալու համար իր շարքերը:
- 17 Նոյեմբեր 2024-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ-ի 35-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 11-րդ ժողովի մասնակիցներու ներկայութեամբ գայլիկական եւ սկաուտական երդում տուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի 63 անդամներ, որոնց տարազներու ապահովման համար յատկացուեցաւ որոշ գումար:
- Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ ֆոնտ»ին, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցաւ տօնական օր՝ անսահման ուրախութեամբ, զուարճանքներով եւ կախարդական մթնոլորտով։ Տօնական օրուան իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնաճիւղին սկաուտական կազմը եւ գայլիկներ՝ Երեւանէն, Արմաւիրէն, Մասիսէն ու Աբովեանէն։ Մասնակիցները իրենց հետ բերած էին մէկական արցախցի երեխայ։
Երեխաներուն ընկերացան պատասխանատուներ՝ Աբովեանէն, Մասիսէն եւ Արմաւիրէն։ Սկաուտները պատրաստեցին Ամանորի նուէրները, իսկ ծնողական խորհուրդը պատրաստեց ուտելիքները։
Երեխաները Երեւան հասնելով հաւաքուեցան Երեւանի երգի պետական թատրոն եւ միասին դիտեցին «Ամանորեայ կողոպուտը» երաժշտական ներկայացումը։
Ներկայացումի աւարտէն ետք, բոլորը ուղղուեցան մայրաքաղաքի հրապարակ, ուր համտեսեցին ծնողական խորհուրդին համեղ ուտելիքները եւ սպասեցին Կաղանդ պապուկին ժամանումը՝ Ամանորի նուէրներով։
Բացի նուէրներէն, տօնական օրուան մասնակիցները ստացան «Երեւան փարք»ի տոմսեր՝ Ամանորեան կախարդանքը մեծ վայելքով շարունակելու համար։
- Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութեան ընթացիկ աշխատանքները մեծամասնաբար կը ֆինանսաւորին ֆոնտին կողմէ կատարուող յատկացումներու շնորհիւ:
- Արցախէն տեղահանման ժամանակ շրջանը կորսնցուց իր դրօշները, ինչ որ վերականգնեցաւ ֆոնտին աջակցութեամբ: Դրօշները առաջին անգամ օգտագործուեցան երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով Արցախի Մեկուսի շրջանի 10 սկաուտներ եւ վարչական եղբայր մը այցելեցին Լիբանան եւ մասնակցեցան 2025-ի Մայիսեան փառատօնին:
Հովանաւորներ
