ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 12-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ, ԵՌԱԲԼՈՒՐ ԵՒ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու վեցերորդ օրը, մարզախաղերու մասնակիցները, Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչական անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Ս. Էջմիածին։
ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ
Ծիծեռնակաբերդ հասնելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «մարզական բանակ»ին անունով Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ զետեղեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։
Ապա, մարզիկ-մարզիկուհիները բոլորուեցան յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ, մէկական ծաղիկներ խոնարհեցին եւ «Տէրունական» աղօթքով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրեցին թրքական եաթաղանին զոհ գացած մեր անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։
ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ
Ծիծեռնակաբերդէն ետք, մարզախաղերու մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն, որուն մուտքին դիմաւորուեցան Դադիվանքի նախկին վանահայր, պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց մատրան սպասարկող Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ։
Կարճ աղօթքէ եւ խմբանկարէ մը ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւններու անդամները, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեցին Արցախեան պատերազմներու նահատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու շիրիմները եւ ծաղիկներու զետեղումով յարգանքի տուրք ընծայեցին անոնց յիշատակին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով նաեւ յիշատակի ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Եռաբլուրի յուշապատին առջեւ։
ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ
Մարզախաղերու մասնակիցներուն վերջին կանգառը եղաւ Ս. էջմիածինը։
Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու մասնակիցներու օրհնութեան կարգ՝ հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսաց դասի անդամներու։
Այս առիթով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը արտասանեց ներկայ մարզիկ-մարզիկուհիներուն ուղղուած խօսք մը՝ գոհունակութիւն յայտնելով, որ աւանդական դարձած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու առիթով աշխարհի զանազան կողմերէն հայրենիք համախմբուած են՝ մրցապայքարի մէջ դրսեւորելու իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները, միաժամանակ ճանչնալու եւ բարեկամանալու իրարու հետ:
Իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նշեց, որ շատ կարեւոր է երիտասարդներու մասնակցութիւնը նման վարժութիւններու եւ մրցումներու, որոնք միջոց են զօրանալու մարմինով եւ հետեւողական աշխատանքով, տոկունութեամբ եւ ոգիի մաքրութեամբ արձանագրելու ապագայ յաղթանակներ: Մրցապայքարները նաեւ միջոց են զօրանալու հոգիով՝ Աստուծոյ ապաւինած դիմակայելու բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները եւ աննկուն կամքով ընթանալու դէպի յաղթանակ», ընդգծեց ան եւ աւելցուց. «Պարբերաբար կազմակերպուող նման ձեռնարկները իրենց նշանակութեամբ եւ առաքելութեամբ աւելին են, քան միայն մարզական մրցումները»։
Հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի առջեւ ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ խնդիրներուն անդրադառնալով, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ընդգծեց, որ Արցախեան պատերազմի հետեւանքով հայրենի երկիրը տակաւին կը դիմագրաւէ անվտանգութեան շատ լուրջ մարտահրաւէրներ, կարիքի մէջ է տեղահանուած Արցախի հայութիւնը, ներհասարակական կեանքին մէջ կը խորանան անհամերաշխութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը, գերակշռող են եւ խորապէս անհանգստացնող՝ ապագայի անորոշութեան զգացումները:
«Կը հաւատանք, որ արդարութիւնը պիտի յաղթէ եւ համախումբ ջանքերով պիտի չարտօնենք, որ մեր կեանքին մէջ գերակայեն եղբայրատեացութիւնը, կեղծիքը եւ չարագործութիւնները եւ վտանգուի ազգային միասնականութիւնը: Հայրենիքի համար ամէնէն դժուար իրավիճակին մէջ նոյնիսկ, պէտք չէ յուսահատիլ եւ հիասթափութիւն ապրիլ: Դուք, որ ծնած եւ հասակ առած էք աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, պատասխանատուութիւն ունիք մեր ժողովուրդի լուսեղէն ապագայի կերտման գործին մէջ՝ ձեր ուժերը եւ կարողութիւնները ծառայեցնելու ի սէր ազգին եւ հայրենիքին», յայտնեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս:
«Դուք նաեւ առաքելութիւնը ունիք ագզային միաբանութիւնը ամրապնդելու, Հայաստան-Սփիւռք կապերը անսասան պահելու եւ աւելի արդիւնաւորելու: Այս յանձնառութեան իրագործման համար յատկապէս կարեւոր են ձեր հայրենաճանչութիւնը, ազգային ինքնագիտակցութիւնը, հայոց պետականութեան ամրապնդումի կամքն ու վճռակամութիւնը եւ դարերով նուիրագործուած մեր արժեհամակարգին անվտանգ պահպանումը: Դուք ապագան էք մեր հայրենիքին ու ազգին եւ երաշխիքը հայոց յարատեւութեան, համընդհանուր մեր փափաքներու եւ երազանքներու իրականացման:
«Ձեր այցելութիւնը կարեւոր քաջալերանք է հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին, ձեզի հասակակից ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, յայտնեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, երիտասարդ սկաուտներուն յորդորելով իրենց հոգիին մէջ մշտավառ պահել հայրենիքի սէրը, ուժ առնել հարազատ հողէն եւ բազմադարեայ սրբութիւններէն եւ ներշնչուիլ մեր հայրենիքի ամրապնդման գործերէն, հաւատարիմ մնալով ազգային-հոգեւոր մեր արժէքներուն»:
Վերջապէս, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուխտաւորներուն պատգամեց անխախտ պահել իրենց ազգային ինքնութիւնը, հպարտանալ հայոց պատմութեամբ, նախնիներու կերտած ժառանգութեամբ եւ յանուն արդարութեան, յանուն անկախ կեանքի հայ ժողովուրդի մղած անդուլ պայքարի հզօր ոգիով: