Եղբ. Յարութ Չէքիճեանի «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ, 1918-1927»

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ելեկտրոնային գրադարանը հարստացաւ արժէքաւոր նոր աշխատասիրութեամբ մը, որուն հեղինակն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ՝ եղբ. Յարութ Չէքիճեան։

Աշխատասիրութիւնը կը բացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Երկու խօսք»ով, ուր կը կարդանք հետեւեալը.-

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատանքով կ’ողջունէ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Յարութ Չէքիճեանի այս աշխատասիրութիւնը, որ կարեւոր լոյս կը սփռէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան յարաբերաբար անծանօթ մէկ ժամանակաշրջանին՝ 1918-1927 երկարող տարիներուն վրայ։

«Աշխատասիրութիւնը, ինչպէս հեղինակին նախաբանին մէջ կ’ըսուի, առաջին անգամ ներկայացուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի գիտաժողովին, Երեւան։ Ապա, վերամշակուելով եւ նոր նիւթերով հարստանալով լոյս տեսած է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի եօթը թիւերուն մէջ (417, 418-419, 420, 422, 423, 424, 425)։ Հետագային, Արժանթինէն եղբ. Աբրահամ Ահարոնեանի կողմէ սպաներէնի թարգմանուելով, ան պատրաստուած է նաեւ առանձին հրատարակութեան մը համար։

«Հեղինակը՝ եղբ. Յարութ Չէքիճեան տքնաջան գործ կատարած է սկզբնաղբիւրներու եւ մամլոյ հաւաքածոներու ուսումնասիրութեամբ վերականգնելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան առաջին տարիներու պատմութենէն հատուած մը, որուն աղբիւրները երկար տարիներ անհասանելի կը մնային Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդուն։ Այս իմաստով, աշխատասիրութիւնը կ’ընդգրկէ բազմաթիւ նորութիւններ, որոնք կրնան իբրեւ ատաղձ ծառայել միութեան պատմութիւնը գիտականօրէն ուսումնասիրողներուն։

«Եղբ. Յարութ Չէքիճեանը աշխատանքի մղողը, անկասկած, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան հանդէպ անհուն սէրն ու հետաքրքրութիւնն է, հաւատքն ու հաւատարմութիւնն է, բարեխիղճ ու նուիրեալ աշխատանքն է, որ յստակօրէն կ’արտացոլայ այս աշխատասիրութեան իւրաքանչիւր էջէն, նկարէն եւ ծանօթագրութենէն։

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը երախտապարտ պիտի մնայ եղբ. Յարութ Չէքիճեանին։

«Վարձքը կատա՛ր եւ գրիչը անսպառ։

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն»։

Աշխատասիրութեան հեղինակը գործը կը ծանօթացնէ հետեւեալ ձեւով.- «Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան 232 էջ այս գիրքին նիւթերը, որ 7 մասով լոյս տեսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին մէջ, սակայն` ոչ բոլոր նկարներով, ժամանակագրական կարգով բաժնուած է 16 գլուխներու, եւ զարգացումները թուագրուած ներկայացուած են, ընդամէնը` 178 իրադարձութիւններ, 156 նշուած աղբիւրներով, 273 նկարներով եւ վերջաւորութեան 11 էջ 900-է աւելի անուններու ցուցակով»:

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, 1918-1927» աշխատասիրութիւնը կարելի է տեսնել եւ ներբեռնել հետեւեալ կապով:

Հովանաւորներ