Այս Ամառ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական Ցամաքամասային Բանակումներ՝ Լիբանանի Եւ Մ. Նահանգներու Մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանին հիւրընկալութեամբ, այս ամառ, 15-19 Յուլիս 2025-ին, Պասքինթայի մէջ, Լիբանան, տեղի պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային առաջին բանակումը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 1000 սկաուտներու։ Բանակումին պիտի մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղտատի, Ամմանի, Գահիրէի եւ Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան սկաուտները։

Ամերիկեան եւ աստրալական ցամաքամասերու բանակումը, դարձեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանին հիւրընկալութեամբ, պիտի կատարուի 15-20 Յուլիս 2025-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թեքույա բանակավայրին մէջ, Մ. Նահանգներ, մասնակցութեամբ միութեան Արեւմտեան եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ 700 սկաուտներու։

Յայտնենք, որ ցամաքամասային բանակումները նորութիւն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար։ Անցեալ ամառ, 13-20 Յուլիս 2025-ին, Շուէտի Վեսսարօ կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ցամաքամասի սկաուտական բանակումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան Վիեննայի, Լոնտոնի, Մարսէյի, Վալանսի, Երուսաղէմի, Յունաստանի, Առնհեմի, Սթոքհոլմի, Վեսթերոսի, Սոտերթելիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի 185 սկաուտները։

Հովանաւորներ