Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՆԻՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5.30-ին, Նիսի «Պարսամեան» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրանսայի չորրորդ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, Կեդրոնական Վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչներ՝ եղբայրներ Ֆատի-Խաժակ Գազանճեանի եւ Սեւակ Թորոսեանի։ Հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի (Փարիզի) վարչութենէն եղբ. Պօղոս Մահպուպեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մարսէյի վարչութենէն եղբայրներ Յովիկ Զարուպեան եւ Էրիք Սարաճեան, Մարսէյի սկաուտ խմբապետներ եղբ. Նարեկ Հաննէեան եւ քոյր Նանօր Բանոյեան։

Հիմնադիր այս ժողովին ներկայ գտնուեցան 42 քոյրեր եւ եղբայրներ։

Ժողովին սկիզբը, մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը կազմակերպող նշանակեալ կազմին կողմէ վեցամսեայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրներ ներկայացուցին քոյրեր Սոնիա Գասապեան եւ Սօսի Շէխոյեան։ Կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ եւ տրուեցան պատասխաններ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Սեւակ Թորոսեան գնահատանքի խօսք փոխանցեց կազմակերպիչ կազմին, որ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ցուցմունքներուն եւ յաջողեցաւ իրականացնել այս ժողովը։

Ընտրութեան օրակարգով, մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ ընտրուեցան քոյրեր Մակի Ճորճեան, Սոնիա Գասապեան, Սօսի Շէխոյեան-Թաթարեան, Հռիփսիմէ Պոշնագեան եւ Ալիք Արսլանեան։

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան նորընտիր վարչութեան փոխանցեց միութեան դրօշը, եղբ. Սեւակ Թորոսեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան դրօշը, իսկ եղբ. Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կանոնագիրը։

Այս առիթով սրտի ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի եւ Մարսէյի ներկայացուցիչները՝ եղբայրներ Պօղոս Մահպուպեան եւ Էրիք Սարաճեան։

Հուսկ, փակման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայապահպանման մեծ դերակատարութիւնը, նշելով, որ 107-ամեայ այս միութիւնը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութիւնը կը համախմբէ սկաուտական, մարզական եւ դաստիարակչական ծրագիրներով, առիթ տալով որ բոլորը իրարու ծանօթանան, հայերէն խօսին, հայերէն մտածեն եւ հայօրէն գործեն, մինչեւ որ կատարենք մեր ուսերուն դրուած պարտքը՝ փոխանցուած այս դրօշները զետեղենք Արարատի գագաթին, իսկ մեր սկաուտները իրենց բանակումը կատարեն Արարատի լանջերուն։

Հիմնադիր ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ խմբանկարով։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ

ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիսի մասնաճիւղի հիմնադրութենէն օր մը ետք, Կիրակի, 4 Մայիսի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, Կեդրոնական Վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչներ՝ եղբայրներ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեանի եւ Սեւակ Թորոսեանի ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրանսայի մասնաճիւղերու՝ Փարիզի, Մարսէյի եւ Նիսի վարչութիւններուն միջ-դիւանական ժողովը։ Բացակայեցաւ չորրորդ մասնաճիւղի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Վալանսի վարչութեան ներկայացուցիչը։

Հովանաւորներ