64 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՏՈՒՄԷ ԵՏՔ, Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԿԸ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՆԱՅ ՀԱՍԻՉԷԻ ՄԷՋ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը, Հասիչէի մատղաշ սերունդը Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին տակ համախմբելու նպատակով, նախաձեռնեց նոր միաւոր մը յառաջացնել։
Արդ, անցնող ամիսներուն, Շրջանային վարչութեան անդամ քոյր Անի Սարգիս եւ Գամիշլիի Մասնաճիւղիի վարչութիւնը յաջորդական այցելութիւններ կատարեցին Հասիչէ, ուր համագործակցաբար ծրագրեցին միաւորի կազմութեան հիմնական աշխատանքները եւ յառաջացուցին ենթայանձնախումբ մը, բաղկացած հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն-
քոյր Ալին Սարգիսեան
եղբ. Յովսէփ Յովսէփեան
եղբ. Սեւակ Աւագեան
եղբ. Տաճատ Քէշիշեան
եղբ. Աւօ Ներսէսեան
եղբ. Քրիստ Մելքոնեան
եղբ. Կարէն Սարգիսեան
քոյր Մակի Փանոսեան
քոյր Գաթիա Ղազարեան
քոյր Աննա Մարտօ
քոյր Ռուպա Գոչեան
Եւ ահա, 27 Ապրիլ 2025-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Հասիչէ։
Գամիշլիի մասնաճիւղի ատենապետ` եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան միաւորի կազմութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին ամփոփ զեկոյց մը տալէ ետք, հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` եղբ. Յարութ Օգճեանը, Վարչութեան անդամներ` եղբ.Աբիկ Խաչոյեանն ու քոյր Անի Սարգիսը հովանաւորելու դրօշակի փոխանցման արարողութիւնը։
Քոյր Անի Սարգիս ընթերցեց Շրջանային Վարչութեան խօսքը, ապա բեմ հրաւիրեց Արժ. Տ. Արշակ Ա. քհնյ. Ալաճաճեանը կատարելու համար դրօշակի օրհնութիւնը։
Եղբ. Յարութ Օգճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշակը յանձնեց քոյր Ալին Սարգիսեանին, ապա քահանայ հայրը օրհնեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց Հասիչէի նորակազմ միաւորին։
Նշենք, որ Հասիչէի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ը առաջին անգամ հիմնուած է 1939 թուականին եւ գործած է սկաուտական եւ մարզական զոյգ ճիւղերով, ապա քաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով, դադրած է 1961-ին։










Հովանաւորներ
