ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶՈՀԸ

 

31 Մայիսին, Քորոնա ժահրի պատճառով, Երեւանի մէջ մահացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի առաջին պատասխանատու մարմինի անդամ, երկար տարիներ սկաուտ խմբապետ քոյր Ռուբինա Ղազարեանցը։


Քոյր Ռուբինա եղաւ Քորոնա ժահրին Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկրորդ զոհը եղբ. Զոհրապ Ջուլաճեանէն ետք, որ նոյն ժահրին պատճառով մահացաւ 1 Ապրիլին, Սթոքհոլմի մէջ։

 

  Շար...
2020-05-31 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ Կ’ԱՌՆԵՆ

 

Հակառակ աշխարհը հարուածող Քորոնա ժահրին։ Հակառակ նաեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր տագնապին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը, երկար ծրագրումէ եւ պատրաստութենէ ետք, անցնող շաբաթներուն սկսաւ իր նոր կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն։

1996-ին Հոլանտայի համանուն քաղաքին մէջ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը այսօր կը հաշուէ 170 անդամներ եւ 90 սկաուտներ ու մարզիկներ։ Մասնաճիւղը ունի  Շար...

2020-05-30 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱԼԷՊԻ, ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԵՒ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ

 

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութենէն ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ եղբ. Արտօ Փայասեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի։ Հոգեհանգիստին յաջորդեց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ  Շար...

2020-05-29 |

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

 

29 Մայիս 2020-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի ակումբին մէջ, ազգային-յեղափոխական երգերով եւ ընթրիքի սեղանով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձը։


Օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Երուսաղէմի մարմինի ներկայացուցիչ Սերոբ Սահակեան։

 

  Շար...
2020-05-29 |

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՏՈՒՄԸ ՀԻՄՔ ՄԵՐ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ

 

(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները եւ ողջ հայութիւնը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնի 102-ամեակին առիթով:

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի Մայիսեան յաղթանակներով կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հիմքը կազմեց հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահպանման եւ ազգային ինքնուրոյն արժէքներու գոյատեւման:

Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեան, իր  Շար...

2020-05-28 |

ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԻ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻ ՏՕՆԸ

 

(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 102-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 102-ամեակն է, 28 Մայիս 1918. փառապանծ թուական մը ողջ հայութեան համար, ազգային ճանաչումի եւ գոյատեւումի տօն:

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ծնունդէն ամիսներ առաջ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն նոր շունչ ներշնչեց։

Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ  Շար...

2020-05-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ. ԵՂԱԾ Է ՈՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

 

(ՅԱՆՈՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ՝ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՏԷՆԻ ՄԱՐԿՈՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՌԻԹՈՎ)

Մայիս 28. այս յատուկ օրը մեր բոլորին կը վերյիշեցնէ մեր յարատեւ պայքարներու փայլուն արդիւնքները, մեր միասնական եւ շարունակական նեղութիւններէն միշտ դուրս գալու յաղթական պատկերը, իբրեւ անկախ ժողովուրդ եւ հայրենիք: Մայիս 28-ը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ, որ  Շար...

2020-05-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԱՐՄԱՒԻՐԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի սկաուտական կեդրոնին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Մայիս 2020-ին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, Հ.Ս.Շարժումի եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ. Բագրատ Եսայեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի ատենապետ քոյր Նարէ Խլղաթեանի, նահատակ Վարդան Բախշեանի մօր՝ Այտա  Շար...

2020-05-18 |

ԵՂԲ. ԿԱՐՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

 

8 Մայիս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանը կորսնցուց իր շրջանի հաւատաւոր անդամներէն, 2002-ի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Կարօ Գազանճեանը՝ «Ըսթէզ»ը։

Եղբ. Կարօ Գազանճեան ծնած է Հալէպ: Նախնական ուսումը կը ստանայ Ժեզուիթներու, ապա՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին իբրեւ սկաուտ, սակայն յատուկ սէր ունենալով մարզանքի հանդէպ, միութենական  Շար...

2020-05-09 |

Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը շրջաններու ներկայացուցիչներուն հետ իր տեսաժողովները եզրափակելով, Շաբաթ, 2 Մայիս 2020-ին երկու տեսաժողովներ գումարեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Թիֆլիսի Մեկուսի Վարչութեան ներկայացուցիչին հետ։


Տեսաժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները, Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը եղբայրներ, Համաշխարհային Սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ․Բագրատ Եսայեան, ինչպէս նաեւ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ  Շար...

2020-05-02 |

Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԵՒՐԱՍԻՈՅ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը շարունակելով շրջաններու ներկայացուցիչներուն հետ իր տեսաժողովները, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան տեսաժողով մը գումարեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Եւրասիոյ տարածաշրջանի Վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։


Տեսաժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները, Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը եղբայրներ, Համաշխարհային Սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ․Բագրատ Եսայեան, ինչպէս նաեւ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի, Արցախի եւ Մոսկուայի  Շար...

2020-04-25 |

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆԻ

 

Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտներու պատուիրակութիւն մը, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եւ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Եւրոասիական տարածաշրջանի նախագահ եղբ. Բագրատ Եսայեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի մուտքին կանգնեցուած Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրին եւ  Շար...

2020-04-24 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ ՝ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ-ՄԱՏՐԱՆ

 

Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-մատրան առջեւ, յաւարտ Ս. Պատարագի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով արտասանած պատգամին։

Ծաղկեպսակը զետեղուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ․ Վաչէ Նաճարեանի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ․ Րաֆֆի Մունջօղլեանի ձեռամբ։

  Շար...
2020-04-24 |

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

 

Միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ իր տեսաժողովները շարունակելով, Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2020-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ժողով մըն ալ գումարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի, Սուրիոյ, Ամմանի, Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ, Քուէյթի եւ Պաղտատի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ։ Տեսաժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները եւ Սուրիոյ ներկայացուցիչը։

Ինչպէս նախորդ տեսաժողովներուն, այս ժողովին  Շար...

2020-04-22 |

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

 

Մեծայարգ Պրն. Արայիկ Յարութիւնեան՝
Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը աշխարհասփիւռ իր 26 Շրջաններու 111 մասնաճիւղերուն անունով կը շնորհաւորէ Արցախի նախագահ Ձեր ընտրութիւնը՝ մաղթելով որ այդ ընտրութիւնը կը ծառայէ Հանրապետութեան զարգացման եւ Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման։

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը պաշտօնապէս մէկուկէս տարիէ կը գործէ Արցախի մէջ, սակայն Արցախն  Շար...

2020-04-21 |
Displaying 256 to 270 (of 393 news)

Տարածենք