ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՈՎ

Երեք շաբթուան յաջորդական հանդիպումներէ ետք, Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան իրենց աւարտին հասան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած ցամաքամասային առցանց սեմինարները, որոնց վերջինը համախմբեց միութեան Միջին Արեւելքի (Լիբանան, Սուրիա, Պաղտատ, Գահիրէ, Քուէյթ) քարոզչական 25 պատասխանատուները։

Սեմինարին անակնկալը եղաւ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի նախագահին ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն։ Արդարեւ, Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան, որ պատուիրակութեամբ մը նոյն ժամուն Պէյրութի մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը կը կատարէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոն, առցանց ողջունեց սեմինարին մասնակիցները, յաջողութիւն յայտնեց անոնց աշխատանքներուն եւ մաղթեց, որ համահայկական խաղերու ճամբով մեծ թիւով երիտասարդ-երիտասարդուհիներ այցելեն հայրենիք։

Սեմինարը, ինչպէս նախորդները, ունեցաւ զեկուցական եւ քննարկման բաժին։ Սեմինարը վարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան։ Զեկուցումներ ներկայացուցին յանձնախումբի անդամներ՝ եղբայրներ Գէորգ Յակոբճեան (Մ. Նահանգներ), Նժդեհ Մկրտիչեան (Հայաստան), Աստղիկ Աշըգեան (Գանատա) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Աւագեան (Լիբանան), որ արտասանեց նաեւ սեմինարին բացման խօսքը։

Զեկուցումներու աւարտին տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում եւ միտքերու փոխանակում՝ քարոզչական արդիական եւ ազդու ձեւերու, ներքին եւ արտաքին լսարաններուն հասնելու եղանակներուն, Միջին Արեւելքի պայմաններուն պատշաճող աշխատելաոճի որդեգրման եւ միութենական քարոզչութեան հիմնական սկզբունքներու շուրջ։

Երկուքուկէս ժամուան քննարկումներէ ետք, սեմինարը աւարտին հասաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի ցանցային հարթակի ստեղծումով։

Photo

Photo

Photo

Հովանաւորներ