Թիւ 158 - 80-ԱՄԵԱԿԻ ՄԵՐ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ
Ծիծեռնակաբերդէն Արֆորվիլ, Պիքֆայայէն Մոնթրէալ հայ ժողովուրդի նահատակաց քարէ կոթողներն են որոնք կþաղաղակեն այսօր։ Անոնց աղաղակին կը միանան Էջմիածինի, Անթիլիասի եւ աշխարհասփիւռ հայ եկեղեցիներու անլռելի զանգակատուներուն ղօղանջները։
Շեփորախումբեր կը հնչեցնեն ազգային-հայրենասիրական երգեր ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական գայլիկներ, արծուիկներ, արիներ ու արենոյշներ կը տողանցեն երկիւղած եւ կարգապահ շարքերով։ Ճամբա՛յ պէտք է բանալ անոնց։ Հայկական Ցեղասպանութեան 80-ամեակն է այս տարի, ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները իրենց ուխտը վերանորոգելու կþերթան հո՛ն, Եղեռնի յուշարձանի մը շուրջ, նահատակաց մատուռի մը քով, յիշատակի խաչքարի մը մօտ, ոգեկոչելու մեր 1.5 միլիոն անթաղ զոհերուն յիշատակը եւ աշխարհով մէկ բարձրագոռ հաստատելու, որ՝ «Մենք կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւանդութի՛ւնն է այս։ Այսօրուան գայլիկը, արին ու արենոյշը արժանաւոր զաւակներն են երէկուան գայլիկին, արիին ու արենոյշին։ Դեռ երէկ, անոնց ծնողները տողանցեցին ու հո՛ղը դղրդացուցին սկաուտական իրենց խրոխտ քայլերուն տակ, այսօր նոր սերունդն է որ կը շարունակէ իր հայրերուն ու մայրերուն երթը։ Այդ երթը անկասելի՛ է։ Չի՛ կրնար կանգ առնել։ Տէր Զօրի տօթ անապատներէն մինչեւ սփիւռքեան ցուրտ ոստանները եւ մինչեւ ամէնէն հեռաւոր անկիւնը աշխարհի, յամրաքայլ ու անվրդով նո՛յն քայլերն են, որոնք հայ սերունդները պիտի առաջնորդեն յաղթանակի վաղուան տողանցքին, Մասիսի արեւելեան ու արեւմտեան լանջերուն տարածուած Յաւերժական Հայրենիքի լայն պողոտաներուն մէջ։
Այսօր, նահատակաց քարէ կոթողները ուղեցոյց-փարոսներն են յաղթանակի մեր լուսաշող երթին, մինչ եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջները ահագնացող արձագանգերն են իր ժողովուրդի բռնախլուած բոլոր իրաւունքներուն եւ արժէքներուն տէ՛ր կանգնելու իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի սրտի տրոփումին։
Ո՛չ մէկ ուժ կրնայ տկարացնել արիասիրտ ու խանդաբորբ շարքերը պահանջատէր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն։ Ո՛չ մէկ արգելք կրնայ կասեցնել երթը ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան յանձնառու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որովհետեւ 77-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր շարքերով այսօր, աւելի քան երբեք, ինքզինք նուիրաբերած է Եղեռնի խլեակներէն ու ցնցոտիներէն զինք ծնած հերոսածին ժողովուրդին, իբրեւ հաւատաւոր զինուորեալը անոր «Յաւերժ Երթ»ին։
Հայկական Ցեղասպանութեան 80-ամեակն է այս տարի եւ՝
80-ամեակի մեր Ուխտն ու Խոստումը պէտք է փնտռել թոթովախօս մեր կակուղ թաթիկի աչքերո՛ւն մէջ։
80-ամեակի մեր Կամքն ու Հաւատքը պէտք է տեսնել դեռատի մեր գայլիկին իր գաւազանը բռնելու հաստատակամութեա՛ն մէջ։
Ու դեռ, 80-ամեակի մեր Յանձնառութիւնն ու Զոհաբերութիւնը պէտք է արժեչափել Հ.Մ.Ը.Մ.ի տարազաւոր թէ առանց տարազի այն բոլոր պատասխանատուներու կազմակերպ ու նուիրեալ աշխատանքներով, որոնք գլխաւոր երաշխիքը կը հանդիսանան գերավարեալ մեր Սրբազան Լերան տրուած 80-ամեակի անդառնալի մեր խոստումին, թէ՝
«Պիտի շարքերը մեր խրոխտ փոթորկին
մեր պապերուն ի խնդիր սուրբ երազին…»։