Թիւ 222 - ՎԵՐԱԴԱՐՁ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԻՐԱՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ

 

2001-ի սեմին կանգնած կը մտածենք, թէ անցնող տարին ի՞նչ ձեւով արժեւորեցինք անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ։ Կը մտածենք մանաւանդ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է լեցնենք եւ իմաստաւորենք նոր տարին։ Հինի եւ նորի հանդիպման այս կէտը վերաքաղի եւ հաշուետուութեան կարեւոր հանգրուան մըն է մեր կեանքին մէջ։ Ան նաեւ, ու մանաւանդ, յառաջ նայելու, գալիքը, ընելիքը ու ըլլալիքը ծրագրելու վճռական անկիւնադարձ մըն է ու պէտք է ըլլայ բոլորին համար՝ անհատաբար թէ հաւաքաբար։

Այս մօտեցումով սպասելի պիտի ըլլար, որ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր տարին դիմաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրաւ արժէքներու վերադարձի թելադրականութեամբ։

Արդարեւ, միութիւններ կը կորսուին ժամանակին եւ միջավայրին մէջ, երբ անոնց արմատները չեն խրիր միութիւնը միութիւն դարձնող աւանդութիւններու եւ իտէալներու մէջ, երբ անոնց կեանքը չի հունաւորուիր բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով եւ սկզբունքներով, ու երբ անոնց պատմութիւնը առաքելութեան մը հետապնդման մնայուն եւ հաւաքական ջանքը չþըլլար։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 82-ամեայ պատմութիւնը ուրիշ բան եղած չէ, եթէ ոչ մարզական եւ սկաուտական երկճիւղ գործունէութեան ճամբով ազգային ինքնաճանաչումի ամէնէն ազդու զրահները տալ իր անդամներուն, զանոնք համախմբելով մէ՛կ դատի, հայրենիքի ու ժողովուրդի նուիրական արժէքներուն շուրջ։ Ֆութպոլով ու պասքէթով, սկաուտական հաւաքով ու բանակումով, սեմինարով ու խրախճանքով ազգային ինքնաճանաչումի յարտատեւ ճիգն է որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը դարձուցած է առոյգ միութիւն ժամանակի ժանգին դէմ, հզօր միութիւն՝ բազմապիսի մարտահրաւէրներու դէմ։

Ազգային ինքնաճանաչումի, հայակերտումի եւ հայապահպանումի նոյն առաքելութիւնն է որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը հետապնդէ այս օրերուն մանաւանդ, երբ ան որեւէ ժամանակէ աւելի անմիջականօրէն ենթակայ է համաշխարհայնացումի, այլասերումի եւ խելայեղ նիւթապաշտութեան ուժգին հոսանքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրաւ արժէքներու վերադարձ։ Ահա իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կեանքին ու գործին հիմնական նշանաբանը ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրաւ արժէքներու վերադարձ դաստիարակութեամբ։ Նկարագիրի, մտքի ու հոգիի դաստիարակութենէ զուրկ անհատներ որեւէ օգուտ եւ ծառայութիւն չեն կրնար ունենալ իրենց շրջապատին։ Մինչդեռ դաստիարակուած, բարոյական ազնիւ սկզբունքներով կրթուած տղաք ու աղջիկներ, զոհաբերութեան, հնազանդութեան, պարտականութեան գիտակցութեան, պարկեշտութեան, իրարօգնութեան եւ փոխադարձ յարգանքի լաւագոյն օրինակները կրնան տալ իրենց շրջանակին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրաւ արժէքներու վերադարձ աշխատանքով։ Աշխատանքը աստուածային օրէնքն է գոյութեան, իսկ թուլութիւնը մայրն է մեղքի եւ մոլութեան։ Աշխատանքի հանդէպ հաւատքը այն զօրաւոր ուժն է, որուն դիմաց տեղի կու տան ամէնէն դժուար կարծուած գործերը։ Աշխատանքը նկարագիր եւ կամք կերտող միջոց մըն է, մինչդեռ անգործութիւնն ու անհոգութիւնը նկարագիր եւ բնաւորութիւն կը խաթարեն, չարիքի ծնունդ կու տան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իրաւ արժէքներու վերադարձ իտէալի եւ գաղափարի ծառայութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններ, որոնք յաճախ նիւթական իրենց աղբիւրներու պակասն ալ ստիպուած են փոխարինելու հոգեկանով, կրնան գոյատեւել իտէալով եւ գաղափարով միայն, թէկուզ որ նիւթապաշտական մեր ներկային մէջ այդ արժէքները շատ բան կորսնցուցած ըլլան իրենց անցեալի հրապոյրէն եւ հմայքէն։ Իտէալի եւ գաղափարի ծառայութեամբ նոր սերունդէն անպայման հերոսական զոհաբերութիւն չի սպասուիր, այլ՝ աշխոյժ մասնակցութիւն հաւաքական մեր կեանքին։ Միութեան ճամբով ազգին ու հայրենիքին օգտակար դառնալու զանազան միջոցներ կան։ Կարեւորը նուիրումի եւ գիտակցութեան ոգին է, շո՛ւնչն է, աւիւնը եւ դաստիարակութիւնը։ Մեզմէ անդարձ մեկնած Հ.Մ.Ը.Մ.ական երէց սերունդը իտէալի եւ գաղափարի ծառայութեան շքեղ օրինակներ ժառանգ ձգած է իր ետին։ Կը բաւէ միայն աչք ունենալ այդ ժառանգը տեսնելու եւ սիրտ՝ անո՛վ ապրելու, որպէսզի յաջորդականութեան շղթան չփրթի կամ անհարազատ օղակներու չկապուի։

2001-ի սեմին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրաւ արժէքներու վերադարձի այս կարեւոր ճիգին ակնկալելի է որ մասնակից դառնայ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրաքանչիւր շրջան։ Միութեան բոլոր ծրագիրները, նախաձեռնութիւնները եւ իրագործումները ինչ չափի եւ բնոյթի ալ ըլլան, հարկ է որ պայմանաւորուին արժէքներու վերադարձի անմիջական հրամայականով, որպէսզի աշխարհի 89 քաղաքներու մէջ, հոն ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի 89 մասնաճիւղերը կը գործեն, այսուհետեւ աւելի բարձր հնչէ «Հ.Մ.Ը.Մ. պանծալի, կեցցէ միշտ ապրի»ն:

Տարածենք