Թիւ 363-364 - ՑՈՒՑԱԿԱՆԸ ԵՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ

 

Ցուցականը եւ հիմնականը գործունէութեան մը երկու հակառակ երեսները կը կազմեն։

Ցուցականով մարդիկ կ’աշխատին ներգրաւել միամիտներ, ցոյց տալ անոնց թէ նախաձեռնութիւնը, որուն գլուխը կը գտնուին անոնք, հրաշալի նուաճումներ կը կատարէ։

Ամէն ինչ կեղծ, ամէն ինչ շպարուած ու չափազանցուած ներկայացնելով բազմութիւնները հմայելու խաբուսիկ աշխատանք մըն է ցուցականը։ Աճպարարներու կողմէ հետապնդուած միջոցն է ան, որ նպատակ ունի միշտ խաբելով, զարմացնելով ու զանգուածներու միամտութիւնը շահագործելով իրականացնել առաջադրուածը։

Ցուցականը միջակէն վար բազմութիւնները ներգրաւելու գործելակերպ մըն է։

Հակառակն է լուրջն ու հիմնականը, որ կը ձգտի լաւին, կատարեալին ու անկեղծին։

Ցուցականօրէն մարդ կրնայ խաբել իր շուրջի միամիտները, բայց երբ հաշուի նստի ինքզինքին հետ, կը զգայ թէ թերիներով ու կեղծիքով լեցուն են իր ըրածները կամ յայտարարածները։

Հիմնականին համար տքնողը կը խորացնէ իր միտքը, կը մարզէ իր հոգին ու յարատեւ ճիգերով օր ըստ օրէ ձեռք կը բերէ յառաջդիմութիւն։

Բոլոր անոնք որոնք հետամուտ եղած են ցուցականին մնացած են միջակ։ Միջակ ու միջակէն վար ալ մնացած են իրենց նախաձեռնութիւնները։

Ցուցականը մեր առօրեայ բարքերու մաս կազմող կեղծիքն է։ Ամէն տեղ եւ ամէն մակարդակի նախաձեռնութիւններու մէջ դուք կը տեսնէք զանոնք։

Ամբոխը յաճախ անկարող ցուցական գործերու էութեան թափանցելու, ծափերով կ’ողջունէ անոնք որոնք նման աշխատանքներու գլուխը կանգնած են։ Ան տեսակ-տեսակ շռայլանքներով կը պանծացնէ անոնց գործը։

Ցուցականը շպարուած քարոզչութիւնն է, որ կը ներգրաւէ անձնական շահերով, հաշիւներով եւ նախաձեռնութիւններով կապուած անձերը։

Ցուցականը եղած ու ճակատագրուած է մնալու միջակ մարդոց փառասիրական ցանկութիւններուն գոհացում տուող գործելակերպ։

Անոնք որոնք ապագային կը նային կ’աշխատին հիմնականին համար։

Մեծ ու տեւական գործերը, լուրջ եւ հետք ձգող աշխատանքները կ’ենթադրեն համապատասխան պատրաստութիւն։

Սերունդը որ պիտի գայ գրաւելու այսօրուան առաջնորդներուն եւ պատասխանատուներուն աթոռները, պէտք է նետուի հիմնական եւ յոգնութիւն պահանջող աշխատանքներու մէջ։ Ցուցականը եւ մակերեսայինը այժմէն պէտք է անընդունելի նկատէ եւ լծուի ուժերու լարում եւ քրտինք պահանջող ճիգերու։

Մարդկութեան մեծագոյն առաջնորդները հիմնականին համար մտածող ու կատարեալին համար տքնող կամքերու մարմնացումը եղած են։

Ցուցականով տարուած անձերու վիճակուած չէ յետնորդներու ճամբայ բանալ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ստեղծումը ՀԻՄՆԱԿԱՆ առաջադրանքներու համար գործող սերունդի մը աննկուն կամքին արդիւնքը եղաւ։

Միութեան 94 տարիներու յաղթական խոյանքը աշխատանքի նոյն ոճին եւ հոգեկան տրամադրութիւններուն արդիւնքը եղաւ։

Իմաստութիւնը կը թելադրէ, որ 95-ամեակի սեմին, չմոռնանք այս ճշմարտութիւնը եւ ցուցական նախաձեռնութիւններէ հեռու, կառչինք յաջողութիւններու կատարին առաջնորդող ՀԻՄՆԱԿԱՆ առաջադրանքներու միայն։

Տարածենք