Թիւ 324-327 - «ՁԵԶԻ ԸՆԾԱՅ…»

 

Սովորութիւն է, յաջողութեան մը գագաթնակէտին, բերկրանքի եւ ոգեւորութեան պահուն, յաջողութիւնը նուիրել սիրելիի մը, որ օրին մէկը երազած է նման բան։

Կը պատահի նաեւ, որ յաջողութիւններու պատուանդանին վրայ, մարդիկ յիշեն իրենց գործակիցները եւ անոնց նուիրեն այս կամ այն մրցանակը, առ ի երախտագիտութիւն անոնց ցուցաբերած աջակցութեան։

Սովորութիւնները յարգող միութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.։

Երախտագէտ միութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերէն յաղթական վերադարձին, ան չի կրնար իր մեծ յաջողութիւնը չնուիրել սիրելիի մը կամ՝ սիրելիներու։

Բայց որո՞ւ։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերը նոր էջ բացին միութեան մարզական պատմութեան մէջ, հետեւաբար, առաջին ընծան պիտի ըլլայ միութեան գաղափարախօս Շաւարշ Քրիսեանին, որ շուրջ 100ամեակ մը առաջ նախաձեռնեց Պոլսոյ մէջ հայկական ողիմպիական խաղերու կազմակերպման, երազելով որ բախտաւոր օր մը այդ խաղերը կը կատարուին Հայաստանի մէջ։ Քրիսեանի երազը դարձաւ կտակ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդական սերունդներ եղան այդ կտակին հաւատարիմ աւանդապահները։

Քրիսեանի գործակիցները, աւանդապահ առաջին սերունդը, չհասաւ կտակին իրագործման հանգրուանին եւ իր կարգին բաւարարուեցաւ հայկական ողիմպիական խաղերը Պոլսոյ մէջ կազմակերպելով։ Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկրորդ ընծան այն սերունդին, որ կտակը պահեց ու փոխանցեց երկրորդ սերունդին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սփիւռքի ռահվիրաներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի եւ Պէյրութի հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչները եղան Քրիսեանի կտակին աւանդապահ երկրորդ սերունդը, որ հայ կեանքի ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ, աքսորի եւ տարագրութեան զրկանքներէն հազիւ դուրս եկած, գերմարդկային ճիգերով միջ-մասնաճիւղային մարզախաղեր կատարեցին եւ Եռագոյնն ու Հ.Մ.Ը.Մ՛.ի դրօշը անպայման Արարատի կատարին կոթողել երդուեցին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընծա՜յ այդ սերունդին, որ օրինակ եւ ուղեցոյց դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական այլ շրջաններու պատասխանատուներուն եւս։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի ստեղծումով, միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը ընդհանրացան քիչ մը ամէն տեղ եւ իրարու քով գալու, միասին ըլլալու եւ յաղթել-պարտուելէ աւելի Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաղթական տեսնելու ցանկութիւնը դարձաւ տիրապետող։ Անշուշտ, կտակը մնաց կտակ, օրին մէկը մարզախաղերը Հայաստանի մէջ կատարելու հեռանկարով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընծա՜յ մըն ալ, ուրեմն, այդ սերունդին, որ անցնող 35 տարիներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ապրեցաւ ու գործեց՝ մաղթելով որ չմատնուի իր նախորդներու ճակատագրին։

Բախտաւորը եղաւ միութեան չորրորդ սերունդը, որ ոչ միայն պատեհութիւնը ունեցաւ նման մարզախաղերու Հայաստանի մէջ կազմաեկրպումը տեսնելու, այլ՝ կարողութիւնն ու լուրջ պատրաստութիւնը ունեցաւ այդ խաղերը, առաջնեկը, լաւագոյն եւ գեղեցկագոյն ձեւով իրականացնելու Արարատի շուքին։ Մեծ ընծայ այդ սերունդին, խաղերը իրականացուցած Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակին, բոլորի՛ն անխտիր, առանց որոնց հաւաքական ջանքերուն դժուար թէ կարելի ըլլար պատմութեան նոր էջ գրել Հ.Մ.Ը.Մ.ական փառքով ու պատիւով։

Սակայն, ընծաներէն մեծագոյնը եւ կարեւորագոյնը կ’երթայ մեր ժոողվուրդին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներու մեծ բանակին, որ անցնող 91 տարիներուն գիտցաւ ծնանիլ սերունդներ, որոնք աւանդապահը ըլլային Քրիսեանի կտակին, կամքն ու տեսիլքը ունենային այդ կտակին իրագործման եւ ամէնէն կարեւորը երկար շունչն ու տոկունութիւնը՝ այդ կտակը իրագործելու քայլ առ քայլ։

Հ.Մ.Ը.Մ. երախտապարտ կը մնայ զինք ծնող ժողովուրդին, որ ամէն քայլափոխին իր ետեւը չէ, այլ՝ իր կողքին, յաճախ նաեւ իրմէ առաջ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային նպատակներու իրականացման նախանձախնդրութեամբ։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու յաջողութիւնը միաժամանակ ընծայ մըն է Հայաստանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մայր հայրենիքին, որ տարիներ ետք, այսօր գրկաբաց կ’ընդունի Չերազներու, Խոյեաններու, Եազմաճեաններու միութեան աշխարհասփիւռ զաւակները, իր նախարարութիւններով կ’ողջունէ անոնց ներկայութիւնը եւ իր մայրաքաղաքին սիրտը կը տրամադրէ խաղերու մեծաշուք բացման հանդիսութեան։ Երազներ չեն այս բոլորը, այլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հզօրութեան, կազմակերպուածութեան եւ ազգային առողջ նկարագրին պերճախօս արտայայտութիւններ, որոնց համար սերունդներ տքնած են, անհաշիւ զոհողութիւններ ցանած, որպէսզի երբ ժամանակը գայ, հայութիւնն ու Հայաստանը քաղեն անոնց յաջողութիւնները, օգտուին անոնցմէ։

Այժմ կրնան հանգիստ ննջել Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր կատարելու երազը իրենց հետ Հալէպի, Պէյրութի, Լոս Անճելըսի թէ Մոնթրէալի գերեզմանատուները տարած մեր մեծ երախտաւորները։ Անոնց կրտսեր եղբայրները կրնան գոհունակութեամբ իրենց աչքերը փակել՝ տեսնելէ ետք Արարատի շուքին կատարուած մարզախաղերը, սակայն չեն կրնար, իրաւունք չունին հանգիստ ճանչնալու երիտասարդները, ներկայ մարզիկ-մարզիկուհիները, մինչեւ որ այդ մարզախաղերը չտեսնեն կամ չիրականացնեն ամբողջական հայրենիքի տարածքին, այն հայրենիքին, որ Շաւարշ Քրիսեանի իսկական երազն էր ու կտակը։

Կտակին մէկ մասն է, որ ցարդ իրագործուած է։ Ձեզի ընծայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդներ։

Կտակին մնացեալ մասը ձեզ կը սպասէ։ Ձեզի գործի հրաւէր Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդներ։

Տարածենք