Թիւ 377 - ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ
(ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ, ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ)

 

Երեք տարիէ մութ ամպեր մթագնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի երկնակամարը ասպնջականութեան եւ խաղաղասիրութեան երկրին մէջ։ Անորոշութիւնը կամար նետած է Սուրիոյ հայութեան կեանքին վերեւ։ Քաղաքական, ապահովական եւ ընկերատնտեսական սուր տագնապները ծանր կորուստներու մատնած են հալէպահայութիւնը։ Կորուստներէն վերջինը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի պարտէզ¬մարզարանին հրկիզումն է՝ կոյր հրթիռի մը զոհը դառնալով։

Հրթիռներու ժխորը կանգ չէ առած տակաւին։ Մահը ինքզինք կը պարտադրէ կեանքին, խաւարը՝ լոյսին, ատելութիւնը՝ համաձայնութեան, քաոսը՝ խաղաղութեան։ Մտահոգիչ այս կացութեան մէջ, համայն հայութեան աչքերը սեւեռած են Հալէպի հայութեան վրայ, որուն յոյսի արեւը ստուեր չէ տեսած ու պիտի չտեսնէ։ Հալէպը, որպէս մայր գաղութ, ազգային իր կառոյցներով ու միութիւններով, կը մնայ կանգուն, անխորտակելի, որովհետեւ ան խարսխուած կը մնայ հայու կրանիթեայ կամքին ու հաւատքին վրայ։ Հալէպահայեր ամէն օր կը քալեն մահուան հետ, բայց մահէն անդին մի՛շտ կը նային կեանքին ու կեանքո՛վ կը լեցուին։ Հայու վճռակամութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ անոնք կառչած կը մնան իրենց իրաւունքներուն, իրենց ինչքերուն ու իրենց պատիւին։ Յարգա՜նք իրենց։

Արի ու միակամ կեցուածքով, շրջահայեաց եւ իմաստուն քաղաքականութեամբ, հալէպահայեր կը վայելեն յարգանքն ու գնահատանքը բոլորին, հայուն թէ օտարին, դրացիին թէ հեռաւորին։ Իրենց կեանքով ու գործով անոնք ցոյց կու տան, թէ հայը գիտակից է ու կարող իր կեանքին ընթացքը ի՛նք ճշդելու, ինքն իր տէրը ըլլալու։ Ու աւելի՛ն, միայն շինելու ու վերաշինելու, կերտելու եւ ստեղծագործելու իրենց ոգիով, անոնք իրենց կեանքը կը պահեն կազմակերպ, կառոյցները՝ կենսունակ։ Պատի՜ւ իրենց։

Ճիշդ է, սուրիական տագնապի քաղաքական հորիզոնը կը մնայ անորոշ, սակայն ամէնօրեայ ապրուող կեանքը որոշակիօրէն բոլորին կը թելադրէ առաջնորդուիլ տեւաբար վերականգնելու եւ վերակազմակերպուելու կամքով։ Ամէն գնով պէտք է վերականգնել վնասուածը, վերաշինել քանդուածը, վերակերտել եղծուածը, ամրացնել մեր ներքին տունը, զօրացնել գաղութը պահող կառոյցները, միշտ մեր ժողովուրդի միութեան ամուր պատուանդանին վրայ կանգնած։ Մեծով ու պզտիկով եւ ամբողջական նուիրումով պէտք է լծուիլ հալէպահայութեան վէրքերը դարմանելու տենդագին ու անյետաձգելի աշխատանքին։

Աշխատանք մը, որուն մէջ հալէպահայութիւնը առանձինն պէտք չէ ձգել։ Արդարեւ, համայն հայութիւնը այսօր կոչուած է հալէպահայութեան յոյսին խառնելու ի՛ր յոյսը, հալէպահայութեան քրտինքին՝ ի՛ր քրտինքը, լումային՝ ի՛ր լուման, ի խնդիր գաղութի վերականգնումի ճիգին։

Ազգապահպանման ու մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման պայքարին մէջ անփոխարինելի դեր վերապահուած է հալէպահայութեան։ Գաղութը անցեալին փաստը տուած է, որ ինք գիտակից է իր առաքելութեան։ Հալէպահայութիւնը պէտք է մնայ ուժեղ եւ կազմակերպ Սփիւռքի՛ն համար, Հայաստանի՛ն համար, բովանդակ հայութեան գերագոյն շահերուն եւ իտէալներուն համար։

Ա՛յս է որ կը սպասէ Սփիւռքի հայութիւնը։

Ա՛յս է որ կը պահանջէ մայր հայրենիքը։

Ա՛յս է որ կը թելադրէ հայոց պատմութիւնը։

Տարածենք