Թիւ 322 - ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄ(ԻՆՉՈ՞Ւ, Ի՞ՆՉՊԷՍ)

 

Օրերը կը փոխուին։ Օրերու հետ աշխատանքի եղանակներն ալ կը փոխուին, պէ՛տք է փոխուին։ Առանց երկարաշունչ ծրագրումի եւ ամբողջական կազմակերպումի այլեւս աշխատանքի մը յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ։

Ամէն խաղ իր օրէնքները ունի եւ յառաջդիմութեան մեծ խաղը այսօր կը յատկանշուի տուեալ հաւաքականութեան մը կամ միութեան մը բոլոր ուժերը ճանչնալու, արժեւորելու եւ ամբողջական կազմակերպումի մղելու նպատակով։

Այդպէս կը շարժին իրենք զիրենք յարգող հաւաքականութիւններ ու միութիւններ։ Այդպէս կը շարժի նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ., որ իր վերջին Պատգամաւորական ժողովին որոշումով (2007) յառաջացուցած է ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբ մը ճի՛շդ այս նպատակին համար։

Անցած են ժամանակները, երբ կարելի ըլլար թոյլատրել միութեան մը տարբեր շրջաններուն ինքնամփոփ եւ ինքնանպատակ գործունէութեան պերճանքը։

Անցած են այն ժամանակները, երբ կարելի ըլլար համակերպիլ փոխուող մարմիններու եւ ղեկավարութիւններու հետ ծրագիրներ փոխելու եւ իրարմէ տարբեր նախաձեռնութիւններով միութենական կեանք վարելու ոճին։

Անցած են յատկապէս այն ժամանակաները, երբ կարելի ըլլար բաւարարուիլ ընթացիկ ու աւանդական աշխատանքներով, առանց «քիթէն անդին տեսնելու» եւ անդրադառնալու, որ ընթացիկէն տարբեր ի՞նչ պէտք է ընել, ե՞րբ եւ ի՞նչպէս պէտք է ընել։

Եկած է ժամանակը օրուան հետ քայլ պահելու. մասնակին եւ կարճաշունչը ընդհանրականին, երկարաշունչին ու կազմակերպին հպատակեցնելու։

Եկած է ժամանակը ինքզինք վերագնահատելու ու ռազմավարական ծրագրումով յառաջիկայ մեր աշխատանքներուն ծիրն ու առաջնահերթութիւնները ճշդելու, իբրեւ կեանքի փոփոխութիւններէն թելադրուած բնական անհրաժեշտութիւն։

Նուիրեալ անդամներու կամաւոր ծառայութիւնը հիմա առանձինն չի բաւեր։ Նուիրատուներով ձեռնարկներ իրագործելու ազգային բարեմասնութիւնը այլեւս ինքնին բաւարար չէ։ Օրուան կարիքներուն հետ յանձնախումբ եւ ծրագիր յառաջացնելու քայլը եւս կարճատես մօտեցում է։

Օրերը միութենական կեանքի բոլոր երեսներով զբաղող մնայուն կառոյցներ կը թելադրեն, համապատասխան երկարաշունչ ծրագիրներ կը պահանջեն, եւ այդ բոլորը իրականացնելու մարդկային եւ նիւթական յարաճուն դրամագլուխ կþենթադրեն։

Կա՛մ կը յաջողինք ժամանակին հետ ապրող միութիւն դառնալ եւ այդ նախապայմանները ամբողջացնել, եւ կամ ալ տեղատուութեան օրէնքով, հետզհետէ կը վերածուինք լուսանցքային ներկայութեան՝ ներազգային մեր կեանքին թէ մեր ապրած երկիրներու մարզական-սկաուտական շրջանակներուն մօտ։

Հ.Մ.Ը.Մ. իր ընտրութիւնը կատարած է եւ ետ դարձ չի ճանչնար։ Միութիւնը քայլ պիտի պահէ օրուան հետ եւ վճռած է ոչ մէկ արգելքի կամ դժուարութեան առջեւ կանգ առնել, որպէսզի երկարաշունչ ծրագրումով ու ամբողջական կազմակերպումով հայ կեանքը թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ նիւթական դրամագլուխի իմաստով մնայ տոկուն եւ անխորտակելի։

Տարածենք