ԵՂԲ. ԱՐԹՈՒՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 22 Յունիսին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր եղբ. Արթուրօ Յովհաննէսեանի վերջին հրաժեշտը։ Եղբայրը մահկանացուն կնքեց Ուրբաթ, 20 Յունիսին, 83 տարեկան հասակին, ազգային-միութենական վաստակաշատ կեանքէ մը ետք։
Եղբօր յիշատակին դամբանական խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Սեսիլիա Տաղլեան։ Ան ըսաւ, որ եղբ. Արթուրօ բոլորին կեանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ իբրեւ դաստիարակ եւ օրինակելի ղեկավար, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկզբունքներու եւ հայկական արժէքներու յանձնառու եղբայր։
«Իր խանդավառ բնաւորութեամբ եղբ. Արթուրօ գործակցեցաւ բազմաթիւ սերունդներու հետ՝ բոլորին փոխանցելով իր եռանդն ու լաւատեսութիւնը։ Սիրելի եղբայր, կրնանք հաստատ ըսել՝ «Վարձքդ կատա՛ր»։ Օրինակդ եւ յիշատակդ վառ պիտի մնան մեր մէջ։ Դուն բարձրացար եւ մեզի ալ հետդ բարձրացուցիր», ըսաւ քոյր Տաղլեան դամբանական խօսքին մէջ։
Յայտնենք, որ հրաժեշտի վերջին յարգանքէն ետք, եղբ. Արթուրօ թաղուեցաւ անգլիական գերեզմանատան մէջ, ուր ընտանիքին յանձնուեցաւ դագաղը պատած Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը։
ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՂԲ. ԱՐԹՈՒՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Եղբայր Արթուրօ Յովհաննէսեան ծնած է Աթէնք, Յունաստան, 16 Յունիս 1942-ին, Դաշնակցական ընտանիքի մը յարկին տակ։ Եօթը տարեկանին ան փոխադրուած է Պուէնոս Այրէս, Արժանթին, ուր փոքր տարիքին մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին։
1957-ին, երբ մասնաճիւղին «Արարատ» սկաուտական խումբը կազմուեցաւ, եղբ. Արթուրօ եղաւ անոր առաջին անդամներէն։
1967-1973 ան եղաւ մասնաճիւղի խմբապետ. «Wood-badge»-ի կարգը ստացաւ Արժանթինի սկաուտական միութեան միջոցով, որուն հետ ունեցաւ սերտ կապեր։
Եղբ. Արթուրօ 1967-ին մասնակցեցաւ Իտահոյի (Մ. Նահանգներ), իսկ 1971-ին՝ Ասակիրի Հայցի (Ճափոն) սկաուտական համաշխարհային ճամպորիներուն, ներկայացնելով Արժանթինի սկաուտութիւնը։
Սկաուտական աշխատանքներու առընթեր, եղբ. Արթուրօ ունեցաւ վարչական բեղուն կեանք։ 1965-1988 ան զանազան պաշտօններով մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի վարչութեան, 1984-1988 վարելով մասնաճիւղի ատենապետութեան պաշտօնը։
1991-1995 ան մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։
1995-1997 եւ 2011-2013 եղբ. Արթուրօ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, իսկ 1997-2001՝ Շրջանային Վարչութեան անդամ։
Իր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար, եղբ. Արթուրօ 2007-ին արժանացաւ «Ծառայութեան» շքանշանի, իսկ 16 Դեկտեմբեր 2022-ին միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։
Եղբ. Արթուրօ եղաւ հաւատաւոր Դաշնակցական եւ երկար տարիներ պատասխանատու պաշտօններ վարեց կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին մէջ։