ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՓԼՈՎՏԻՎԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ, Յունիսին ընթացք առին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ Փլովտիվ մասնաճիւղի 25 սկաուտներու հայերէնի առցանց դասընթացքները՝ 5 դասարաններով եւ տարիքային երկու բաժանումով՝ 10-15 տարեկաններ եւ 15 տարեկանէն վեր սկաուտներ։
Առցանց դասընթացքները տեղի կ’ունենան շաբաթը անգամ մը, մէկ ժամուան տեւողութեամբ։ Այս դասաւանդութիւնները վստահուած են «Մայրենի առցանց դպրոց»-ին։
Հայերէն լեզուի առցանց ուսուցման այս դասընթացքը ունի վեց ամսուան փորձառական ծրագիր եւ յաջողութեամբ պսակուելու պարագային կրնայ կրկնուիլ նաեւ այլ շրջաններու մէջ, ըստ կարիքի եւ անհրաժեշտութեան։
