Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ, ԼԱԹԱՔԻՈՅ, ՔԵՍԱՊԻ ԵՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի անդամական 94-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, մասնաճիւղի վարչութեան, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետութեան, մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին, խմբապետին, աստիճանաւորական եւ խմբապետական կազմերուն, շեփորախումբի եւ մարզական խումբերու ներկայացուցիչներուն, Շրջանային Վարչութեան յանձնախումբերուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:
Ժողովին քննարկուեցաւ ընթացաւարտ վարչութեան միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Ներկաները արծարծեցին մասնաճիւղը հետաքրքրող զանազան հարցեր եւ համապատասխան լուսաբանութիւններ ստացան վարչութենէն: Ապա, միութեան վերելքին եւ յաջող ընթացքին համար ներկայացուեցան բազմաթիւ առաջարկներ:
Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի 2020-2021 տարեշրջանի վարչութեան նոր կազմը հետեւեալ պատկերով.- Եղբ. Արամ Աւետիսեան, քոյր Անի Մինասեան, եղբայրներ Սերժ Պալապանեան, Յովիկ Սիւլահեան, Յարութ Խաչատուրեան, Տիգրան Պալապանեան, Կարօ Մահսէրէճեան, Ալեքսան Պալեան եւ Կարօ Ապաճեան։
ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Երկու շաբաթ ետք, 31 Յունուար 2020-ին, Լաթաքիոյ «Գանձասար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տեղւոյն մասնաճիւղին անդամական ընդհանուր ժողովը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներու, մասնաճիւղի վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:
Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ընթերցեց քոյր Լորա Մանուկեան, իսկ նիւթական տեղեկագիրը՝ քոյր Արշօ Գազազեան։ Ներկաները քննարկեցին մասնաճիւղին միամեայ գործունէութիւնը եւ ներկայացուցին առաջարկներ։ Ապա, ընթացաւարտ վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Յարութ Գաբրիէլեան։ Աւարտին, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւօ Տէրվիշեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց նորընտիր վարչութեան։
Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան նոր կազմը հետեւեալ պատկերով.- Եղբ. Սագօ Քէչէճեան, քոյրեր Մակի Մանճիկեան, Լորա Մանուկեան, եղբայրներ Յովիկ Անդօ Խոտանեան, Յակոբ Ճմմօ, Արշակ Տէկիրմէնճեան եւ Գէորգ Տէօքմէճեան։
ՔԵՍԱՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Օր մը ետք, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր ժողովը, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եղբայրներու, մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտ. Խորհուրդին, խմբապետական կազմին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:
Ժողովին սկիզբը ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրին ընթերցումէն ետք, քննարկուեցան եւ արծարծուեցան զանազան հարցեր։ Արժեւորուեցաւ նաեւ նախորդ շրջանի միամեայ գործունէութիւնը:
Ապա, նորընտիր վարչութեան աշխատանքի ուղղեգիծը ճշդելու համար ներկայացուեցան զանազան առաջարկներ: Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան նորընտիր կազմը՝ հետեւեալ պատկերով.- Եղբ. Յակոբ Հանէշեան, քոյր Անի Չէլէպեան, եղբայրներ Շանթ Լնդեան, Մհեր Ղազարեան եւ Վաչէ Աղպաշեան։
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղը անդամական իր ընդհանուր ժողովը գումարեց ամիս մը ետք, Ուրբաթ, 6 Մարտ 2020-ին, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի «Տիգրան Ստեփանեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, մասնաճիւղի վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:
Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ընթերցեց եղբ. Անդրանիկ Խաճարեան, իսկ նիւթական տեղեկագիրը՝ եղբ. Արա Խաճարեան։ Ներկաները քննարկեցին մասնաճիւղի միամեայ գործունէութիւնը եւ ներկայացուցին առաջարկներ։ Աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց նորընտիր վարչութեան։
Այնուհետեւ ժողովը ընտրեց մասնաճիւղի վարչութեան նոր կազմը՝ հետեւեալ պատկերով.- եղբայրներ Միհրան Ղազարեան, Արա Խաճարեան, Վահան Գոզանեան, Հրայր Գարակէօզեան եւ Անդրանիկ Խաճարեան։