Թիւ 273 - ՁԵՒԸ

 

Շատ են անոնք, որոնք ափսոսանքով կը տեսնեն, որ իրենց զաւակը կամ թոռնիկը իրենց պէս չէ։ Շատ են անոնք, որոնք զարմանքով կը տեսնեն, որ հետաքրքրութիւններու, ապրումներու, նկարագիրի եւ կեանքի ըմբռնումներու հսկայ տարբերութիւն մը կայ իրենց եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն միջեւ։

Շատ են անոնք, որոնք կը տագնապին այս իրողութեամբ։

Կը տագնապին, որ ընտանեկան, ազգային-միութենական բարքերու յեղաշրջում մը կայ, կը գանգատին որ հայկականութեան ջերմութիւնը այն չէ նոր սերունդին մօտ, ինչ որ էր ու է՛ իրենց հայրերու կուրծքին տակ։

Պատճառները շատ են, երբեմն՝ բնական ու հասկնալի, երբեմն՝ անտեղի ու անհասկնալի։

Այս հոսանքին դէմ դպրոցը դեր մը ստանձնած է անկասկած, եկեղեցին իր տեղը ունի, ու ակումբները կը գործեն առ այդ։

Տունէն դուրս այդ երեք գործօնները լաւագոյնս կազմակերպելու համար էականը այն է, որ այդ գործօնները նոյն այդ ծնողներուն կողմէ լեցուին։

Չի բաւեր հայկական վարժարան մը շինելու համար դրամ նուիրել։

Չի բաւեր հայկական եկեղեցի մը բարձրացնելու համար մոմագին տալ։

Չի բաւեր, որ ակումբը ըլլայ մեծ ու գեղեցիկ, իսկ ակումբը մեծ ու գեղեցիկ ընելու համար չի բաւեր հանգանակութեան մասնակցիլ։

Տալէն ետք, եղածին տէր ըլլալն է անհրաժեշտը։

Ի՛նչ արժէք ունի դպրոց կառուցանել, սակայն տղան օտար վարժարան ղրկել։

Ի՛նչ իմաստ ունի եկեղեցի բարձրացնել, սակայն աղօթելու համար հոն չերթալ։

Ի՛նչ կարեւորութիւն ունի ակումբի մը սրահին լաւ կամ գէշ ըլլալը, երբ զաւկին ձեռքէն բռնած հոն չերթանք։

Կիրակի օրով բռնել զաւկին ձեռքէն ու երթալ հայկական հաւաքավայր մը, թոյլ տալ որ փոքրիկը միութեան մը անդամագրուի, իր հայ ընկերներուն հետ նիստ ու կաց սորվի, տարազ հագուի, խմբապետ ունենայ, խմբապետ դառնայ։

Շաբթուան մէջ մէկ-երկու օր հսկել, որ ան ժողովի երթայ, ժողովական իր հասակակիցներուն հետ հաճելին խառնէ օգտակարին, խօսի ու մտածէ հայութեան մասին, հոգեպէս հիւսուի իր ազգային արմատներուն։

Տարին անգամ մը մղել, որ ան բանակումի երթայ, մարզական մրցաշարքերու մասնակցի, յոգնութեան եւ հանգիստի համը գիտնայ, պարտուի-յաղթէ, դիմագիծ եւ ինքնութիւն կերտէ։

Այսպէս, հայկական մթնոլորտի եւ միջավայրի մէջ հասակ նետելով, այդ փոքրիկները օրին մէկը դառնան հայ մարզիկ, արուեստագէտ, մտաւորական, միութենական, կամ նուազագոյնը՝ հայու ապրումով մեծցած ու յաջողած մարդ։ Մարդ, որ սակայն չէ փակուած սեփական իր պատեանին մէջ, այլ՝ լայնօրէն բացուելով շրջապատին, այդ ձեւով ինքզինք հաստատած է իր ապրած իրականութեան մէջ։

Այս է այն միջոցը, ձե՛ւը, որուն գործադրութեամբ այսօրուան մեր տագնապներէն շատերը կրնան լուծում գտնել, ու վաղուան մեր գոյութիւնը երաշխաւորել։

Ձեւն ու ձեւերը կան։

Կարեւորը անոնց գործադրութիւնն է։

Այլապէս պէտք է ընդունիլ, որ առանց մեր զաւակներուն ու թոռներուն մենք չկանք, իսկ անոնք կան՝ բայց… ուրիշին համար։

 

Տարածենք