Թիւ 22 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆԸ
Սկաուտութեան ստեղծման 75-ամեակին եւ անոր հիմնադիր՝ Լորտ Պէյտըն Փաուըլի ծննդեան 125-ամեակին զուգադիպեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական Միջ-Գաղութային Ա. Համագումարը։
Լորտ Պէյտըն Փաուըլ զօրավար մըն էր եւ, առաւելաբար, զինուորական թիկունքային աշխատանքներու օժանդակելու առաջնահերթ նպատակով գլուխը կանգնեցաւ երիտասարդական այս շարժումին։
Սկաուտութիւնը մեր մէջ փոխադրողը (Եթէ մոռնանք «Կտրիճներ»ու կազմակերպութիւնը երկու դար առաջ, Ռումանիոյ մէջ) եղաւ մանկավարժ-մտաւորական մը՝ Յովհաննէս Հինդլեան, հայ պատանիէն առողջ եւ այլանուէր մարդը կերտելու ազնիւ առաջադրանքով։
Պէտք եղաւ որ ծնի՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, անոր հիմնադիրները, մտաւորական թէ վաճառական՝ ամէն դասակարգէ, համախմբեն Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ազատած հայ որբերը, կոփեն ու կռանեն անոնց վտիտ մարմինն ու հոգին ոչ միայն Աստուծոյ ծառայելու (Իմա՝ բարի գործ, անանձնական ուրախութիւն), այլեւ՝ Հայրենիքին զոհաբերուելու ուխտով, որպէսզի հայ սկաուտութիւնը մարդկային ու գաղափարական կարկինը լայն բանայ, հասնի գերազանց չափանիշի (dimension) եւ դառնայ ազգակերտման միաւոր։
Իր ծննդավայրին՝ Պոլսոյ եւ շրջակայքին մէջ, Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն համար Բարի Սամարացի, ազգային ձեռնարկներուն՝ արթուն պահակ եւ ընկճուած հոգիներուն արիութիւն ներշնչող բարձրահունչ շեփոր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը, իր պապենական հողերուն վրայ, Երեւանէն մինչեւ Կարս ու Ալեքսանդրապոլ, եղաւ միաժամանակ այն կամաւոր բանակը, որ ոտքի հանեց հայ պատանին ու պարմանուհին, կերտեց անոնց մարմինն ու հոգին, ջրդեղեց անոնց կամքը հայ հողին ու հայ ժողովուրդին համար ապրելու գաղափարականով եւ իր արիւնը չսակարկեց՝ հայրենիքին պատարագ դառնալու գերազնիւ օրինակը տալով։
Քաղաքական փոթորիկներ պոկեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաբոյս կաղնին իր ծննդավայրէն ու Հայրենիքէն, ցիր ու ցան ըրին ճիւղերը՝ աշխարհի տարածքին։ Մահաշունչ մրրիկը փորձեց մարել ոսկեվառ խարոյկը Հ.Մ.Ը.Մ.ի արիներուն. բայց կայծերը թռան աստղերու պէս եւ նոր խարոյկներ վառեցին Սփիւռքի տարածքին։
Ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արին, խիտ ու երկար շարքերով, իր նուիրական դրօշին ներքեւ դարձեալ քալեց քաղաքներէն, գիւղերէն ու տողանցեց մարզադաշտերու երկայնքին՝ հպարտութեամբ ուռեցնելով սխրանքի կարօտ հայոց կուրծքերը օտար աշխարհի մէջ։
Օտարն ալ անտարբեր չմնաց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան նուաճումներուն եւ գնահատանքը արտայայտելու առիթը չփախցուց։
Այս իրողութեան նորագոյն ապացոյցը քաղաքակրթութեան օրրան Աթէնքը տուաւ, իր արուարձաններէն Գոքինիոյ մէկ փողոցը «Հայ Սկաուտի» անուամբ վերամկրտելով յամի Տեառն 1982-ին։ Բարեկենդանի նուէր մը։ Այլ միտքի ու մարմնի քանդակագործ հելլէն եղբայր ժողովուրդէն բարի «վարուց վկայական» մը մաքրակենցաղ, անձնազոհ եւ կարգապահ այն երիտասարդ կազմակերպութեան, որ կը կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ. եւ հայ սկաուտներ։
Լորտ Պէյտըն Փաուըլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տիպար սկուատութիւնը առաջին գնահատողներէն մէկը եղաւ, երբ մարդակերտ ու ազգանուէր իր առաքելութեան նուիրուած էր ան նորանկախ Հայաստանի տարածքին՝ հիացումը յայտնելով մանաւանդ անոր անկրկնելի ուղեցոյց-նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր- բարձրացո՛ւր»ին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արի՛, «բարձրացի՛ր ու բարձրացո՛ւր, մինչեւ Արարատի կատարը։
Այդ յաղթանակը կþըլլայ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Համագաղութային Ա. Համագումարի ծրագիրներուն իրագործման դափնեպսակը։