Թիւ 398-399 - Ի՞ՆՉՊԷՍ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼ…

 

Ամէն ժամանակ ունեցած է իր մարտահրաւէրները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները։ Ինչ որ մեր օրերը կը յատկանշեն՝ ժամանակի եւ հեռաւորութեան կապուած մարտահրաւէրներն են։

Ժամանակը կապուած է արագութեան հետ՝ օրուան պահանջներուն հետ արագ քայլ պահելու, արագ պատշաճելու, արագ զարգանալու եւ արագ փոխուելու հրամայականին հետ։ Մինչդեռ հեռաւորութիւնը կապուած է արդի արհեստագիտութեան հետ, որուն շնորհիւ աշխարհագրութիւն եւ սահման հասկացողութիւնները կը դառնան ժամանակավրէպ։

Սերունդներ այսօր հասակ կ’առնեն նոր պայմաններու մէջ, ուր ժամանակի եւ հեռաւորութեան հասկացողութիւնները կը ջնջեն մարդոց տարբերութիւնները եւ կը քանդեն հաւաքական ինքնութիւնները։ Կը վտանգուին ազգային արժէքներ, մշակոյթներ եւ ձգտումներ։

Աշխարհը փոքրացած է այլեւս, իսկ երիտասարդութեան երազները մեծցած են։ Երազներ, որոնք կապուած են ժամանակի եւ հեռաւորութեան նոր ըմբռնումներուն։ Արդարեւ, երիտասարդներ աւելի կ’աշխատին, բայց նուազ հարստութեան կը տիրանան։ Աւելի բան ունին, բայց նուազ ուրախ են։ Աւելի շատ ծանօթներ ունին, բայց նուազ՝ բարեկամներ։

Փոքրացող այս աշխարհը տագնապահար է եւ երիտասարդութիւնը կը կրէ տեսակաւոր տագնապներու լուրջ հետեւանքները։ Արեւելքը կ’ապրի կրօնական ծայրայեղութեան տագնապ, մինչ Արեւմուտքը կը դիմագրաւէ ծայրայեղ ազատամտութեան եւ աշխարհայնացման տագնապ։ Արժէքներու բախում մը նկատելի է կրօնական, քաղաքակրթական եւ մշակութային բոլոր մակարդակներու վրայ։

Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է հայ երիտասարդութիւնը։ Մեր միութիւններուն մէ՞ջն է, շո՞ւրջն է, թէ… մեր կեանքին գլխաւոր բացական է։

Իսկ ի՞նչ կ’ընենք մենք, իբրեւ մեծահասակներ, համայնքներ, ազգ ու պետութիւն, եկեղեցի եւ միութիւններ, հայ երիտասարդութիւնը հաւաքական մեր կեանքին մէջ ներգրաւելու համար։

Ընդունինք, որ ցարդ որդեգրուած միջոցները իրենք զիրենք սպառած են։ Նոր իրականութիւնները կը թելադրեն նոր մօտեցումներ։ Համայնքային մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել երբեմնի իրենց գրաւչութիւնը։ Անցեալի գործունէութեան դրամագլուխը սկսած է մաշիլ, եթէ մաշած չէ արդէն։ Միութենականութիւնը դադրած է ժառանգական յատկանիշ մը ըլլալէ։ Զաւակներ անպայման չեն հետեւիր իրենց ծնողներու օրինակին, որովհետեւ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը փոխուած է եւ հարցում մը սկսած է ինքզինք պարտադրել, թէ՝ աւանդական մեր արժէքները այլեւս որքանո՞վ կը համապատասխանեն նոր սերունդի մտահոգութիւններուն, պայմաններուն եւ սպասումներուն։

Այսօրուան երիտասարդութիւնը շատ աւելի բան գիտէ՝ քան իր ծնողներն ու պատասխանատուները։ Կռապաշտ է ան. կուռքը մեքենա՛ն է, գործիքը. հեռաձայն, համակարգիչ, հեռատեսիլ թէ այլ։ Ան կ’ապրի երէցներէն տարբեր վայրի մը մէջ, որ անիրական է, երեւակայակա՛ն է։ Համացանցի աշխարհն է այդ, ուր ան աւելի ժամանակ կ’անցընէ՝ քան իր հարազատ տան ու շրջանակին մէջ։ Ի՞նչպէս հասնիլ այդ աշխարհը։ Ի՞նչ լեզուով հաղորդակցիլ այդ տղոց ու աղջիկներուն հետ, որոնք օրէ օր կը տիրապետեն ընկերային հաղորդակցութեան այնպիսի միջոցներու, որոնք հարցականի կ’ենթարկեն անպայման քով-քովի գալու, ժողով-սեմինար կատարելու անհրաժեշտութիւնը։

Երիտասարդութիւնը նորութիւն եւ արդիականութիւն կը փնտռէ իր շուրջ։ Հետամուտ է լայն հորիզոններու։ Չի փափաքիր կառուցային-կանոնագրային կաղապարներու ենթարկուիլ։ Ան կը նախընտրէ միութենական աշխատանքի մասնակցիլ, բայց միութեան մը չանդամակցիլ։ Մնալ համակիր՝ քան յանձնառութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել։ Գործել առանձին նպատակի մը համար՝ քան միութենական պարտաւորութիւններու շարքի մը համար։

Նորերու հետաքրքրութիւնը շատ աւելի համամարդկային հարցերու շուրջ է՝ քան ազգային եւ միութենական մտահոգութիւններու, որովհետեւ առաջինին գործադաշտը անսահման է, ըստ իրենց, մինչդեռ ազգայինն ու միութենականը դատապարտուած են մնալու սահմանափակ շրջանակի մէջ։

Այս բոլորը իրականութիւններ են, որոնք անպայման թելադրել կու տան յարմարիլ նոր կացութիւններուն եւ այսուհետեւ գործել աւելի արագ կշռոյթով, դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան արդի մօտեցումներով, տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ, կառուցային ժամանակակից յարմարութիւններով եւ մեր շրջապատին աւելի լայնօրէն բացուելու քաղաքականութեամբ։

Պէտք է հասնիլ մեզմէ հեռու գտնուող երիտասարդութեան։ Իսկ հասնելու համար պէտք է արդիականանալ եւ զօրանալ։ Մրցակցութեամբ լեցուն այսօրուան աշխարհը տեղ չունի տեղքայլ ու ետքայլ կատարողներու։ Ժամանակն է մեր հաւատքին միացնելու գիտութիւնը եւ երիտասարդութեան ներգրաւման համար որոնելու անցեալէն տարբեր՝ աւելի սերտուած, աւելի համոզիչ եւ ազդու միջոցներ։

Ներգրաւե՛լ երիտասարդութիւնը, բերել զայն մեր մօտ, անոր փոխանցել հայեցի ոգի եւ դաստիարակութիւն, որպէսզի ան հպարտ զգայ իր հայկականութեամբ, զօրանայ իր արմատներով եւ մեծնայ՝

Հաւաքական մեր կեանքին համար,

Հայութեան եւ Հայաստանին համար։

Տարածենք