Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏ, ՎԱՐԻՉ ԱՌԱՋՆՈՐԴՍ ՝ ԵՂԲ. ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

 

Եղբ. Սագօ Սարգիսեանը կը յիշեմ իբրեւ անսպառ կորովի տէր, սրտա՛նց աշխատող եւ «բարոյական յաղթանակներ»ուն բնաւ հաւատք չընծայող ղեկավար: Թուլութեան, մեղկութեան, կրաւորականութեան, անգործունէութեան, միջակութեան, չքմեղանքներու եւ պատճառաբանութիւններու թշնամին էր ան: Որեւէ ծրագիր կատարեալ պէտք էր ըլլար, եւ ամէն մարդ իր գերագոյն ճիգը պէտք էր ներդրէր աշխատանքի մը յաջողութեան համար:  Իրեն համար ամէն աշխատանք չափազանց կարեւոր էր։ Պզտիկ կամ մեծ գործեր չկային իրեն համար:

Ժամանակ մը, ընդհանրապէս Շաբաթ առաւօտները, քանի մը սկաուտով իրենց տունը կը հաւաքուէինք, իր եւ եղբօր` Հրայրին հետ գաղափարներ փոխանակելու եւ ծրագիրներ մշակելու համար: Մար Մըխայէլի իրենց ընդարձակ տունը մեր երկրորդ ակումբն էր:

Սկաուտական խաղերու ընթացքին, երբ երկու խումբի կը բաժնուէինք, մեր անձկութիւնը նոյնն էր. եթէ իր խումբէն ըլլայիր, պէտք էր գերազանց խաղարկութիւն ցուցաբերէիր, թէ ոչ… եթէ միւս խումբէն ըլլայիր, արդէն «պիտի ճզմուէիր»… : Երբեք չեմ մոռնար Ռամլէթ Պայտայի մեր լողարշաւը, ուր չարքաշութեան փորձեր կը կատարէինք: Չէր բաւեր այդ շրջանի բարձր եւ զօրաւոր հոսանքով ալիքներուն դիմադրելը, մէյ մըն ալ եղբ. Սագօն մէկ առ մէկ իւրաքանչիւրիս գլուխը բռնած շուրջ կէս վայրկեան ջուրին մէջ կը թաթխէր: Երբ կարգը ինծի եկաւ, ի զուր փորձեց գլուխս թաթխել, բնազդաբար, գնդակի նման ետ կը բարձրանայի. առաջին անգամ ըլլալով զինք յուսախաբ ըրի:

Եղբ. Սագօն սկաուտական իր «երազներէն» մէկը իրականացուց` շինելով երկանիւ, բաւական ծանր, առանց կողմերու տափակ սայլ մը, որուն վրայ բանակումի ապրանքներ բեռցուցած, երէց սկաուտները քանի մը անգամ քալելով բանակում ըրին: Այդ սայլը հարթ ճամբաներու համար դժուար էր քշելը, ուր մնաց` զառիվեր կամ զառիվայր: Սակայն, այս պարագային, իրեն համար իսկական ֆիզիքական մարտահրաւէր մըն էր, զոր հաճոյքով ինք եւ իր խումբը կը յաղթահարէին:

Վերջապէս, եղբ. Սագօն այն ղեկավարն էր, որուն կորովը, կամքը եւ մարտահրաւէրներուն դէմ ճակատիլը վարակիչ էր, միշտ կը ձգտէինք եւ տակաւին կը ձգտինք յուսախաբ չընել զինք: Այս է իսկական ղեկավարի մը կարեւոր յատկանիշներէն մէկը:

 

Յարութ Չէքիճեան

 

Տարածենք