Թիւ 184 - ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵՐ ԱՆԶԻՋԵԼԻ ԱՐԺԷՔԸ

 

Երբ կը հետեւինք մարզաշխարհի նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ աստղերուն, չենք կրնար չկրկնել արաբական հնաւանդ առած մը, որ կ’ըսէ. «Կը հիանամ երբ կը լսեմ ձեր խօսքերը, կը զարմանամ երբ կը տեսնեմ ձեր գործերը»…։ Բոլորը, գրեթէ բոլորը անխտի՛ր, մարզիկներ թէ պատասխանատուներ այսօր բեմերէն կը խօսին եւ կ’արտայայտուին մարզական անշահախնդիր եւ պարկեշտ սկզբունքներու մասին, քրտինքով, ջանքով եւ ազնիւ մրցակցութեամբ շահուած յաղթանակներու մասին, սակայն իրականութեան մէջ, անոնք դաշտերու վրայ օրըստօրէ քիչ մը աւելի գերիները կը դառնան շահախնդիր, անպարկեշտ եւ նիւթապաշտ մարզական կեանքի մը քմայքներուն։

Մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը, մարզախաղերը առանց որեւէ շահու ակնկալութեան, ժամանցի եւ զբաղումի լաւագոյն միջոցներ էին՝ մատղաշ սերունդներու մօտ նկարագրային մաքրամաքուր գիծեր զարգացնելու եւ բարոյական վեհ ըմբռնումներ սնուցանելու համար։ Ի զուր չէ, որ ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրագէտ Ալպէր Քամիւ, որ Ալճերիա ապրած տարիներուն բերդապահ եղած էր, յաճախ կը սիրէր խոստովանիլ, թէ «Բարոյականութեան մասին ամբողջ գիտցածս կը պարտիմ ֆութպոլին»։

Մարզասէրներ այսօր երանութեամբ կը յիշեն Քամիւի ֆութպոլիստի օրերը, երբ մարզաշխարհի մէջ տիրողը սիրողական պարզ մօտեցումն էր, պատուաւոր եւ արդար մրցակցութիւնը, մարդկային խղճմտանքի եւ բարոյականութեան վսեմագոյն արտայայտութիւններով յագեցած։ Սակայն, ինչ որ մարզասէրներ այսօր չեն յիշեր, 1948-ին, Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին տուած մէկ պատիժն է՝ չմշկումի մարզիկի մը, որ յանդգնած էր մրցումի մը աւարտին, ծանուցումի դիտաւորութեամբ՝ հանքային ջուրի շիշով մը նկարուիլ։ Նշեալ մարզիկը օրին վեց ամիսով կախակայուած էր՝ իր «մարմինը շահագործած ըլլալու» յանցանքով…։

Ու դեռ չափսոսա՞լ այսօրուան մարզական աշխարհին պարզած իրավիճակին համար։ Չզարմանա՞լ այն մարզիկներուն համար, որոնք արհեստավարժութեան անունով կը ճառեն, հազիւ թէ հաւկիթի չափով գնդակի մը հետ խաղալ կը սկսին…։ Փինկ-փոնկէն մինչեւ պիլիարտ, թենիսէն մինչեւ ֆութպոլ եւ այլ մարզախաղեր, նիւթապաշտութեան ապականած նո՛յն մթնոլորտն է, որ այսօր կը գերիշխէ քիչ մը ամէն տեղ։ Այնքան մը, որ մետալները կարծէք սկսած են վերածուիլ սոսկական թանկարժէք մետաղներու, իսկ բաժակները՝ ցուցափեղկերու յարմար զարդեղէններու, պարպուած՝ բարոյական ամէն նշանակութենէ եւ իմաստէ։ Նիւթը, դրա՛մը, դարձած է մարզիկներու գլխաւոր նպատակն ու միջոցը։

Հետզհետէ աւելի շատ կը խօսուի «Մկանային դրամատիրութեան» մասին, որ հրէշի նման վաճառականական հաստատութիւններուն եւ ծանուցումի ընկերութիւններուն զոհը կը դարձնէ ամէնէն քիչ ժողովրդականութիւն վայելող մարզախաղերու մարզիկներն իսկ։ Արդարեւ, հանրածանօթ մարզիկներու անունին կապուած դրամատիրական նոր ձեւի այս շահագործումը կամաց-կամաց մեզ կը փորձէ հասցնել հո՛ն, ուր միեւնոյն ընկերութեան խորհրդանիշը տեսնենք տուեալ մարզիկի մը շապիկին, գուլպային, խաղացած դաշտի պատերուն, խաղը նկարող քամերաներու պաստառներուն եւ… խաղի պատկերասփռումի ընթացքին ներկայացուող ծանուցումներուն մէջ։

Իսկ ո՞ւր է ելքը գլխապտոյտ պատճառող նիւթապաշտութեան այս փակ օղակէն։ Կարելի՞ է արդեօք անկէ դուրս գալ այնպէս մը, որ «Թէ՛ գայլը կուշտ մնայ եւ թէ գառնուկը՝ ողջ…»։

Այսօր, կ’ընդունինք, որ կեանքի պայմաններու հսկայաքայլ յառաջդիմութեան հետ, որեւէ մարզախաղի կիրարկում կ’ենթադրէ նիւթական միջոցներ, որոնց համար հարկ է որ անհրաժեշտ գումարները տրամադրուին մարզական միութիւններու եւ անոնց համակիրներուն կողմէ։ Մինչեւ իսկ կ’ընդունինք, որ քաջալերանքի եւ վարձատրութեան համար կայսեր տուրքի բաժինը վճարուի կայսեր, սակայն ո՛չ մէկ գնով կ’ընդունինք կայսեր զիջիլ Աստուծո՛յ բաժինը, որ այս պարագային՝ բարոյականութեամբ եւ սկզբունքայնութեամբ առաջնորդուած մարզախաղեր եւ մարզիկներ ունենալու մեր արդա՛ր իրաւունքն է։

Տարածենք