ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 12-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումէն երեք օր առաջ, Չորեքշաբթի, 23 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մարզախաղերու ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուներ, մարզական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայրենի մամուլի հրաւիրեալներ։

Մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հանրային կապերու յանձնախումբի անդամ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։

Խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ մարզախաղերու յանձնախումբի ներկայացուցիչ եղբ. Մհեր Դաւիթեան։ Ան ներկայացուց մարզախաղերուն 44 տարուան պատմականը, նշելով թէ մարզախաղերը տեղի կ’ունենան չորս տարին անգամ մը, 2009-էն սկսեալ մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ։

Մամլոյ ասուլիսին ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։ Ան յայտնեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն կը մասնակցին 850 մարզիկներ՝ 9 մարզաձեւերով։ Տեղի կ’ունենան նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերը, մասնակցութեամբ Երեւանէն, Սպիտակէն, Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն եւ Լիբանանէն 200 պատանիներու։ Եղբայրը աւելցուց, որ խաղերու մասնակիցները 29 Յուլիսին կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր եւ Էջմիածին։ 2 Օգոստոսին մարզախաղերուն փակումը կը կատարուի յաղթանակի պարահանդէսով։

Այնուհետեւ, մամլոյ ասուլիսին մասնակիցները պատասխանեցին ներկայ լրագրողներու հարցումներուն։ Յաջորդեց կոկիկ հիւրասիրութիւն։

Յայտնենք, որ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր տողանցքով եւ «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, Շաբաթ, 26 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին (Երեւանի ժամով)։ Հանդիսութիւնը ուղղակիօրէն պիտի սփռուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով։