Թիւ 336-337 - «ԵԿԱՆ, ՏԵՍԱՆ, ՅԱՂԹԵՑԻՆ»

 

Փոխ առնելով նշանաւոր հռոմէացիին բառերը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտ մը այս բառերով կը փակէր օրագրութիւններուն իր վերջին էջը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բանակումի աւարտին։

Ինչքա՜ն պարզ ու ճշգրիտ բնութագրում համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այն մեծ իրադարձութեան, որ ութ օրեր շարունակ, 19 երկիրներէ 600 բանակողներ համախմբեց Արագածի շուքին տակ, Բիւրականի բանակավայրին մէջ, համազգային ոգեւորութեան եւ միութենական խանդավառութեան նախանձելի մթնոլորտի մը մէջ։

Եկա՛ն բոլորը, սկաուտական շարքերու վաստակաւորներն ու նորընծաները։ Մեծերը՝ սկաուտական «Արարատեան» կարգ ստանալու եւ պատասխանատու պաշտօններ վարելու համար, կրտսերները՝ մեծերու հմայքին տակ սկաուտական իրենց առաջին քայլերը նետելու համար։

Եկա՛ն հազարումէկ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք։ Նիւթականը եթէ գլխաւորն էր այդ դժուարութիւններուն, ապա ընտանիք-գործ-արձակուրդ զոհելու դժուարութիւնը նուազ արհամարհելի չէր, հաճոյասէր եւ նիւթապաշտ շրջապատի մէջ հասակ նետող սերունդի մը համար։ Ու որքա՜ն ճիգ ու աշխատանք պէտք եղաւ, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւններ կարենան նման ծախսալից բանակումի մը պատուիրակութիւնները կազմել, անոնց նիւթականին ապահովման մասնակցիլ եւ ոեւէ մէկը չզրկել ազգային-միութենական կարեւոր նախաձեռնութեան մը դաստիարակիչ ներկայութենէն։

Եկա՛ն բոլորը, ու իրենց հետ բերին իրենց գաղութներուն կարօտն ու ողջոյնը մայր հայրենիքին։ Իւրաքանչիւրը կտոր մը հայութիւն, եկաւ գտնելու ամբողջական հայութիւնը, հարազա՛տ, ջերմ ու հոգեգրաւ։

Իբրեւ ուխատաւոր եկա՛ն ու տեսան այն ինչ որ տարիներ սրտի թրթիռներով ապրած էին, հոգիի ու մտքի ճախրանքներով երազած էին։ Օտար բան չկար իրենց համար։ Հայոց պատմութիւնը ապրող ներկայութիւն էր այնտեղ։ Իւրաքանչիւր քայլափոխի հերոսի մը աճիւնը գտան անոնք, հայ մեծագործի մը հետքը, յիշատակը։ Անցեալը ինքնաճանաչման զրահը տուաւ իրենց։ Խթանեց որոնելու ներկան եւ գտնելու իրենց ապագան ճշդող ուղին։

600 բանակողներ, սկաուտներ թէ պատասխանատուներ, տեսան կենարար հողը, հաստատեցին հողի ուժին իմաստութիւնը եւ խոր արմատներ նետած այդ հողին մէջ՝ վերադարձան իրենց երկիրները նոր ծիլեր արձակելու համար։

Բանակողները տեսան Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր իսկական դիմագիծով. մեծ, ընդգրկո՜ւն, համահայկակա՛ն, բոլորին հետ ըլլալու, բոլորին համար ըլլալու իր դերակատարութեամբ։

Ու բոլորով մէկ միացած՝ զօրացան անոնք։ Ամրացա՛ն իրենց հայկականութեամբ, գօտեպնդուեցան իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.ականութեամբ եւ պարտութեան մատնեցին իրենց միութիւնն ու ազգը տկարացնել փորձող ուժերը։

Անոնք յաղթեցին իրենց անհատական եսերուն, երբ հոգիներէն վանեցին ազգային ստորակայութեան ամէն բարդոյթ եւ հայօրէ՛ն տոկալու, խրոխտ ու բարձրաճակատ ապրելու անդառնալի ուխտը կատարեցին Էջմիածնի, Սարդարապատի ու Ծիծեռնակաբերդի մէջ։

Անոնք յաղթեցին իրենց տեղական-տեղայնական պայմաններուն, երբ գաղութային մտայնութիւնները մէկ կողմ ձգելով՝ ընտրեցին ամբողջական հայութեան պատկանելու եւ ամբողջական հայրենիքին համար ապրելու ուղին։

Անոնք յաղթեցին իրենց սերնդակիցները այլասերումի եւ ձուլումի մատնող ճիգերուն, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը գիտակցական ապրումի վերածելէ ետք՝ որոշեցին այդ ապրումը վերածել ամէնօրեայ գործի։ Հայապահպանման անհատնում ճիգի։ Միութենական անվերջ նուիրումի։

Այդ յաղթողներէն մէկը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նաւը լերան վրայ հասցնելու «խենթութեամբ», պատմութիւն երկնեց, երբ «Արարատեան» կարգ ստանալէ եւ բանակումի ազգային-միութենական մթնոլորտով յագենալէ ետք, երեք շաբաթ անց, բացառիկ սխրանքով մը Արարատ լեռը մագլցեցաւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրական դրօշը անոր կատարին կոթողեց եւ իր յաղթանակը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բանակումի մասնակիցներուն նուիրելէ ետք, հպարտօրէն երգեց «Յառաջ նահատակ»ը, ցեղասպան թուրքին երեսին շպրտելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագո՛յն յաղթանակը։ Պատի՜ւ յաղթող սերունդին։

Փա՜ռք նման սերունդներ ծնանող ժողովուրդին։

Տարածենք