«ՀՄԸՄ-ի 13-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Անգամ Մը Եւս Ուխտեց, Այս Պարագային Արցախի Համար, Որ ՀՄԸՄ-ականներ Արցախի Դրօշը, Պեճերը Կրելով` Ժողովուրդին Պիտի Յիշեցնեն, Թէ` Ազատ, Անկախ Եւ Ամբողջական Հայաստանի Երազ Մը Կայ, Որ Պէ՛տք Է Իրականանայ» «Ազդակ»-ին Հաստատեց Յակոբ Խաչերեան
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
2-7 հոկտեմբեր 2023-ին հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամէնէն փոթորկալի, տագնապալի, ճակատագրական օրերուն Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը գումարեց Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորհրդանիշները, հաստատել «ՀՄԸՄ-Արցախ հիմնադրամ»-ը, մշակել Արցախէն բռնի տեղահանուած փոքրիկներու Շար...