ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ՝ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր հինգերորդ հեծելարշաւը կազմակերպեց 15 Հոկտեմբեր 2017-ին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի հրապարակին առջեւ: Հեծելարշաւը կազմակերպուեցաւ Նէա Զմիռնիի փոխ քաղաղաքապետուհի տիկ. Քարիոֆիլիի մարզական եւ մշակութային կազմի գրասենեակին հետ գործակցաբար, հովանաւորութեամբ՝ Յունաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին:
Ճիշդ է, որ հեծելարշաւին թուականը հեռու էր Ապրիլէն, բայց շատ Շար...