Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԻ 22-ՐԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՋՈՐԴ ԵՐԿԱՄԵԱԿԸ ՀՌՉԱԿԵՑ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՇՐՋԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի 22-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 9.00-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 23 լիազօր ներկայացուցիչներու եւ խորհրդակցական ձայնով 18 մասնակիցներու: Ներկաներու շարքին էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութիւնը, Շրջանային Շար...