ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

 

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 14-19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ծաղկաձոր, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան 75 իրաւասու ձայնով քոյրեր եւ եղբայրներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, Իրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Հարմիկ Զովելեան, ինչպէս նաեւ՝ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, գործավարներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը, Կեդրոնական Վարչութեան յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, երիտասարդական համագումարի պատուիրակներ, Կեդրոնական Վարչութեան եւ շրջաններու կողմէ հրաւիրեալներ, ընդամէնը՝ 117 ներկաներ: Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն միացան նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան։


Ժողովը գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի նորակազմ շրջանները, որոնք միութեան մեծ ընտանիքի մասնաճիւղերուն թիւը բարձրացուցին 111-ի:
Ժողովը համապարփակ քննութեան ենթարկեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող չորս տարիներու սերնդակերտման ու հայակերտման աշխատանքները, գնահատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշուոյն մշակեց նոր ծրագիրներ:


Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց լուծման թափ տալու նպատակով: Ժողովը քննեց նաեւ միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակը եւ ընդգծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները: Օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ կանոնագրային տրամադրութիւններու կարգ մը բարեփոխումներ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին ու կայք էջին զարգացման վերաբերող ծրագիրներ:
Ժողովը մանրամասն քննութեամբ անդրադարձաւ անցնող քառամեակին իրագործուած միութեան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն, Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ ընդհանուր բանակումին եւ միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն:


Ժողովը արժեւորեց նաեւ միութեան առաջին երիտասարդական համագումարը եւ անկէ բխած թելադրանքները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաստեղծ եկամտաբեր հիմնադրամին (Endowment Fund):


Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովը շեշտեց միութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի դիմագրաւած համաշխարհայնացումի եւ քաղքենիացումի ահարկու վտանգներուն դէմ դնելու անհրաժեշտութիւնը:


Ժողովը անդրադարձաւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններ թրքական թափանցումի քայլին եւ այդ իմաստով հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ առ ի զօրակցութիւն սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղին:


Իր աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր Ժողովը ընտրեց յառաջիկայ քառամեայ նստաշրջանի նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ Ընդհանուր Ժողովի դիւանի ներկայութեան դիւանը կազմեց հետեւեալ ձեւով.-
Եղբ. Վաչէ Նաճարեան՝ Ատենապետ (Լիբանան)
Եղբ. Վիգէն Աւագեան՝ Ատենադպիր (Լիբանան)
Քոյր Թալին Օրտողլեան՝ Գանձապահ (Լիբանան)
Եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան (Սուրիա)
Եղբ. Դաւիթ Յակոբեան (Հայաստան)
Եղբ. Օշին Փիրումեան (Հայաստան)
Եղբ. Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսա)
Եղբ. Ֆէտի Թաժրա (Շուէտ)
Եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան (Գանատա)
Եղբ. Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Մ. Նահանգներ)
Եղբ. Արմանտ Քիլիճեան (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ)
Եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան (Հարաւային Ամերիկա)
Եղբ. Տիրան Վահրատեան (Աւստրալիա)
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ
12-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

Տարածենք