Հ.Մ.Ը.Մ.-ՖՐԱՆՍԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ Կ’ԸՆԹԱՆԱՆ ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ
Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ մեծ թափով յառաջ կ’ընթանան Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի մարզահամալիրին կառուցման աշխատանքները։
Համալիրը կը կառուցուի շրջանի քաղաքապետութեան կողմէ եւ յատուկ համաձայնութեամբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսին կը շնորհուի 99 տարուան համար, վերանորոգուելու պայմանով։
Արդիական մարզահամալիրը, որուն կառուցման աշխատանքները ընթացք առին Հոկտեմբեր 2022-ին, կ’ընդգրկէ պասքթեպոլի դաշտ, ժողովասրահներ, 400 հոգինոց սրահ եւ բազմաթիւ խաղավայրեր։
Տարիներու երազով եւ աշխատանքով իրագործուող այս մարզահամալիրը պիտի ծառայէ ո՛չ միայն Ֆրանսայի, այլեւ՝ ամբողջ Եւրոպայի հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու ֆիզիքական առողջ դաստիարակման եւ հայեցի մթնոլորտով կազմաւորման աշխատանքին։ Մարզահամալիրին շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս առիթն ու կարելիութիւնը պիտի ունենայ թիւով ու որակով յաւելեալ զարգացման ու բարգաւաճման, հաւատարիմ միշտ բարձրանալու եւ իր հետ համակիր լայն շրջանակը եւս բարձրացնելու միութեան նշանաբանին։
Ստորեւ՝ շինարարական մարզահամալիրի աշխատանքներու ընթացքէն լուսանկարներ։