Թիւ 428 - ԼԱՅՆԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ

Լայնախոհութիւնը կամ լայնամտութիւնը քիչերուն տրուած արժանիք մըն է։ Հասունութեան չափանիշ է։ Լայնախոհ ըլլալ կը նշանակէ հարց մը իր բոլոր երեսներով քննել եւ ըստ այնմ արդար եւ ճիշդ եզրակացութեան յանգիլ։
Լայնախոհութեան հակառակը նեղմտութիւնն է, որ յատուկ է տգէտ եւ մոլեռանդ մարդոց։ Նեղմիտ մարդը չափ ու սահման չունի իր զգացումներուն մէջ։ Չի կրնար կիրքերը զսպել։ Արժէք չ’ընծայեր իր նմաններու իրաւունքներուն եւ ազատութեան սահմաններուն։
Լայնախոհութիւնը մաս կը կազմէ, պէ°տք է կազմէ, կրթական-միութենական մեր արժէքներուն եւ քաղաքակրթական արժանիքներուն։
Լայնախոհ ըլլալու համար պէտք է նկարագիր, սկզբունք եւ կեցուածք ունենալ. ճիշդին ճի°շդ ըսել, սխալինª սխա°լ։ Կեղծաւորութիւն, շահակցութիւն եւ քծնանք կ’անտեսեն տարրական Շար...