Թիւ 260 - ՈԳԻ ԵՒ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ

 

       Ահաւասիկ երկու բառեր, որոնք շաղկապուած են իրարու, որոնց մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իմաստը խտացած է։ Մէկը միւսը լրացնող, մէկը միւսէն աւելի ուժեղ։ Առանց մէկուն, միւսը մարդ մը՝ առանց ինքնութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները, իրենց սկզբնական օրերուն, դեռ կազմակերպական խնդիրներով չզբաղած, կը մտածէին նախ ոգեկան արժէքներով հարստացնել իրենց միութիւնը։ Իրենց միութեան հիմքն ու առաջնորդը ոգին էր։ Միջոցներ չունէին։ Ոգիով մարզական եւ սկաուտական շարժում կը ստեղծէին, ոգիով նոր գաղափարներ կը յղանային, ու նոյն այդ առինքնող ոգիով Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառքը կը կերտէին։

Շաւարշ Քրիսեաններու, Գրիգոր Յակոբեաններու եւ Յովհաննէս Հինդլեաններու ոգին էր, որ Եղեռնէն ճողոպրած սերունդը իրարու քով բերաւ՝ հիմը դնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Նոյն այդ ոգին էր դարձեալ, որ Լուտեր Մասպանաճեաններու, Յովհաննէս Շահինեաններու եւ Քերոբ Առաքելեաններու շնորհիւ թափ ու կշիռ տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, անոր գոյատեւումը ապահովեց։ Ան է որ յարգանք պարտադրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Միութիւն մը, արդարեւ, որքան զօրաւոր ղեկավարութիւն ունենայ, որքան ազդեցիկ քարոզչութիւն կատարէ եւ խիստ պատիժներու ենթարկէ իր անդամները, առանց ոգիի չի կրնար յարատեւել եւ ամուր մնալ։ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ ու մնաց ամուր որովհետեւ գիտցաւ աւելի շատ ոգիով եւ աւանդութիւններով առաջնորդուիլ՝ քան չոր ու ցամաք օրէնքներով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, օրէնքի եւ կանոնի դիմելէ առաջ, մարմինները նախ իրենց ներքին ձայնին, ոգիին ու աւանդութեան կը դիմեն, եւ ապա միայն կը կիրարկեն կարգապահական պատիժներ։

Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս օրէնքը կը պարտադրուի բարոյական ուժով։ Բռնի պարտադրանք չկայ երբեք։ Օրէնքը եւ կանոնը սահմանուած են ուղղութիւն տալու, սայթաքումներէ եւ շեղումներէ զերծ պահելու միութենականը։
Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս ամէն ինչ կը հպատակի կանոնագրին։ Մարզական, սկաուտական թէ վարչական ծառայութիւնը կը ծնի կանոնագրի հպատակութենէն, բայց այս բոլորէն վեր կայ ու կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգիին ու աւանդութեան ուժը։

Կարելի է հաստատել, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կայ կարգապահական երկու տեսակ կանոնագիր։ Մէկը այն գրքոյկն է, որուն մէջ յօդուած առ յօդուած օրէնքներ ճշդուած են, երկրորդը՝ միութեան անգիր կանոնագիրն է, որուն մէջ թաքնուած են չնախատեսուած կանոններն ու օրէնքները։ Ոգիին եւ աւանդութեան դիմաց ամէն ինչ կը խոնարհի, որովհետեւ անգիր կոչուած օրէնքը նոյնինքն ոգին եւ աւանդութիւնն են։

Այլապէս, ի՞նչն է պատճառը, որ այնքա՜ն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ անցնող 85 տարիներուն իրենց կեանքը մաշեցուցին ակումբներու եւ մարզադաշտերու մէջ։ Ի՞նչն է այն մղիչ ուժը, որ ամէն տարի հարիւրաւորներ կը միացնէ այս միութեան, եթէ ոչ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին եւ աւանդութիւնը, անոր հարուստ պատմութեան եւ վաստակին կողքին:

Գրքոյկներու մէջ կաղապարուած եւ ժողովներու կողմէ մշակուած կանոնները չեն, որ այնքան ժողովրդական դարձուցած են այս միութիւնը եւ այնքան՝ բազմանդամ ու բազմաճիւղ, որքան բարոյական ուժի այն մեծ կշիռը, զոր այս միութեան յաջողութիւններուն գլխաւոր աղբիւրը հանդիսացած է։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին եւ աւանդութիւնը շեշտուած ներկայութիւն եղած են ու պէ՛տք է ըլլան ամէնուր։ Բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, Հ.Մ.Ը.Մ.ական բոլոր մարմինները, ոգիէն ծնող, աւանդութիւններով փորձութեան ենթարկուած գրաւոր իրենց կանոնագրին հարկ է հպատակին տառ առ տառ, յօդուած առ յօդուած, որովհետեւ միութեան կանոնագիրը իր դրօշին տակ կը հաւաքէ անխտիր բոլորը, որոնց գլխուն կախուած կը մնայ իր ձէթը չսպառող այն կանթեղը, որուն անմար լոյսը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին է։

Տարածենք