Թիւ 57 - ԿՈ՜Լ...

 

Հիմա Մեքիսքոն է աշխարհի կեդրոնը։

Այսքան միլիոն մարդ տեղ կը փնտռէ մեքիսքական դաշտերէն ու այսքան միլիոն մարդ գամուած է հեռատեսիլներուն առջեւ։ Ֆութպոլ ու Մեքսիքօ միաձուլուած են, ինչպէս մատ ու մատանի։

Այսպէս չեղաւ սակայն Մեքսիքոն, երբ տարի մը առաջ երկրաշարժի բռնուեցաւ եւ նոյն Մեքսիքոյի մէջ հազարաւոր մարդիկ մեռան, նոյնիսկ առանց հոգեվարքի։

Թերթերը թերթի յատուկ ոճով հաղորդեցին լուրը, վիրաւոր մարդէն աւելի ճեղքուած հողի նկարը ցոյց տուին, օգնութեան անարձագանգ աղմուկ փսփսացին ու մոռցան։

Ոչ միայն աշխարհ մոռցաւ Մեքսիքան, այլեւ մեքսիքոցինե՛րը մոռցան բնութեան գուցէ պատգամը եւ պարզապէս յարգեցին իրենց յանձնառութիւնը ֆութպոլի միջազգային համադաշնակցականի նկատմամբ եւ շարունակեցին կազմակերպել խաղերը։

Իրենց ցաւին մէջ լուսանցքի վրայ մնացած այս երկիրն ու ժողովուրդը յանկարծ իրենց ամբողջ հմայքով առնուեցան լուսարձակի տակ, երբ փաստեցին կազմակերպչական կարողութիւն։

Մարդիկ կ’երեւի միշտ կը սիրեն կռնակ դարձնել ցաւին ու յաղթականը համբուրել ճակատէն։

Ինչպէս համաշխարհային բոլոր մրցաշարքերուն ու ողիմպիականներուն, հո՛ս եւս մրցաշարքը արժանացաւ կազմակերպիչ երկրի նախագահի բացման խօսքին ու բոլոր նախագահներու նախագահական պատգամին պէս, իր երկու խօսքով նաեւ ա՛յս նախագահը խաղաղութիւն ու եղբայրութիւն մաղթեց աշխարհին։ Ձեւով մը խաղը հակադրեց ռումբին։

Մեքսիքոցի երգիչները, դաշտի կեդրոնէն ու իրենց կլոր ու լայնեզր գլխարկներէն վեր բուրվառեցին սիրերգներ ու անոնց մատներուն տակ կրկին մղկտաց նուագարանի իւրաքանչիւր լար։

Ու մրցումի ազդանշանը տրուեցաւ։ Կրնային եւ ըսել՝ եւ եղեւ լոյս...

Իրօ՛ք։ Եւ եղեւ լո՜յս։

Ահաւասիկ դաշտին մէջ թէ հեռատեսիլներու շրթներէն կախուած մարդկութեան կէսը, ֆութպոլի հմայքէն կախարդուած, մոռցած է շրջապատը, շրջապատի ցաւը, մոռցած է ինքզինք ու իր ցաւը ու պարզապէս կը հեւայ բերդէ բերդ տարուբերող գնդակին հետ։

Ինչ երջանիկ են մարդիկ երբ գնդակը կþուղղուի դարպաս, կը մօտենայ, կը մօտենայ, բայց եւ ինչ «ախ ու օֆ» է, երբ կը դպչի ձողին, կամ ձողի մօտէն կþանցնի, փոխանակ շարժելու ուռկանը։

Հանդիսատեսներու կէսը կþուրախանա՛յ, որ կոլ չեղաւ, մինչ միւս կէսը կը ջղայնանա՛յ, որ կոլ չեղաւ։

Ու կը բաւէ, որ սիրուած խումբը համաչափ յառաջխաղացք արձանագրէ, անցնի հակայարձակողականի, եւ ահա դէմքերը կը պայծառանան, կոլ ընելու յոյսը կը գեղեցկացնէ դէմքերը, քաջալերանքը արմկահարումի ու աղմուկի կը վերածուի. իսկ երբ գնդակը կողմ փոխէ, այս անգամ մեղադրանքն ու յուսախաբութիւնն են, որ կը մլաւեն, ինչպէս ծեծ կերած կատու։

Կոլ պատրաստո՞ղն է աւելի արժէքաւորը թէ կոլ ընողը։ Անկասկած հարց է, սակայն բոլորը կը համբուրեն կոլ ընողը ու կը մխիթարուին՝ որ կայ հաւաքական բաժակը։

Այլապէս, կեանքի մէջ անգամ, ո՞վ պիտի ուզէր բաս տալ...

Այս այսպէս է։ Ու ճիշդ է նաեւ, որ չկայ աւելի երջանիկ վայրկեան, քան երբ գնդակը կը մտնէ դարպաս. այդ ատեն կոկորդները կը դառնան Ձէնով Օհան, աստիճաններէն դրօշակները կը շարժին, սուլոցներով երաժշտութիւն կը կազմուի, մարդիկ կը գիրկընդխառնուին, կը ցատկեն օդը, յաղթական խումբի խաղացողները իրարու վրայ կը նետուին ու կը վախնաս, որ յանկարծ խեղդուի կոլ ընողը...

Այս արդէն կոլի՛ պատմութիւն է։

Ուրիշ է՝ կոլերու կոլը...

Տարածենք