Թիւ 383-385 - ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՏԷԱԼԸ
2014-ի ամառը բեղուն եւ արդիւնաշատ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար. «Արարատեան» կարգի կազմակերպում, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ բանակումի իրագործում, Սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան յուշագիրի ստորագրութիւն, Բիւրականի ընդլայնուած ու վերանորոգուած բանակավայրի բացում, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Բագրատ Եսայեանի Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Բիւրոյի անդամ ընտրութիւն եւ այլն։
Սովորական իրադարձութիւններ չեն ասոնք։ Իւրաքանչիւրը առանձինն շատ բան ունի թելադրելիք մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին յատկապէս։ Երկարաշունչ ծրագրումի եւ նոյնքան երկարատեւ աշխատանքի արդիւնք են անոնք։ Հաւաքական ճիգով իրագործուած, հաւատաւոր միութենականներու ճակտի քրտինքով կերտուած։ Պետական տարողութեամբ աշխատանք մը, արդարեւ, առանց սակայն պետական միջոցներու՝ «Կամաւոր բանակ»ով եւ անսահման նուիրաբերումի դրամագլուխով։
«Արարատեան» կարգը կը նպատակադրէր սկաուտական պատասխանատու անձնակազմ պատրաստել սփիւռքեան թէ հայրենի մեր միաւորներուն համար։ Հեռանկարային աշխատանք էր, շնորհակա՛լ իրագործում, որուն բարիքներէն պիտի օգտուին միութեան աշխարհասփիւռ շարքերը, ո՛ր երկինքի տակ ալ գտնուին անոնք։ «Արարատեան»ի տղաքն ու աղջիկները, անտարակոյս, նոր հորիզոններ պիտի բանան միութեան սկաուտական աշխատանքներուն դիմաց՝ քայլ մը աւելի արդիականացնելով եւ կատարելագործելով զանոնք։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը միութեան բովանդակ ընտանիքը համախմբող նախաձեռնութիւն մըն էր, որ սկաուտական շարքերը անմիջական հաղորդակցութեան մէջ կը դնէր հայրենի ժողովուրդին, աշխարհագրութեան եւ պատմութեան հետ։ Տասը օրեր շարունակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներ Արագածի լանջերէն կը յայտնաբերէին հայրենիքը, կը յայտնաբերէին իրենց ազգային արմատները, ինքնութիւնը, դիմագիծը եւ կ’ամրապնդէին հաւաքականութեան մը պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։ Անոնք կը դադրէին հայեր ըլլալէ, կը դառնային հայութիւն, մէ՛կ ամբողջութիւն, ի խնդիր մէ՛կ նպատակի։
Մէկ հայութեան պատկանելիութեան այդ զգացումն էր, որ բանակողները կը մղէր աննախընթաց քայլով մը այցելելու զինուորական հիւանդանոց եւ բարի ապաքինում մաղթելու սահմանային ճակատներու վրայ վիրաւորուած հայ զինուորներուն։ Նոյն զգացումն էր, որ բանակողները կ’առաջնորդէր Հայաստանի զինուորական վարժարան եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնել հայկական քաջարի բանակին։ Իսկ արդեօք նոյն զգացումը չէ՞ր, որ սկաուտները կը տանէր Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք ընծայելու հայութեան եւ Հայաստանին համար զոհուած մեր անմեռ նահատակներու յիշատակին։
Ազգային խանդավառութեան եւ գօտեպնդման առիթ էր համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը, բայց նաեւ՝ պատգամներով հարուստ նախաձեռնութիւն մըն էր ան։ Աւելի քան 700 սկաուտ համախմբող բանակումը յստակ պատգամներ կ’ուղղէր բոլորին, թէ հայրենիքը՝ Հայաստանը, որքան ալ քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւէ,- իսկ ո՞ր երկիրը այսօր դժուարութիւններ չի դիմագրաւեր,- չի կրնար օտարանալ մեզմէ։ Հայրենիքը մերն է, մենք հայրենիքին ենք։ Կարելի չէ դասալիք ըլլալ հայրենիքէն, այնքան ատեն որ մեր արմատները խրած են անոր մէջ։ Հայրենիքը աղբիւրն է մեր բոլորին հզօրութեան, երաշխիքը մեր յաւերժութեան եւ արտայայտիչը մեր ամբողջականութեան։
Այս մօտեցումով պէտք է ողջունել բանակումի օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած յուշագիրը, որ անմիջական արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ Սփիւռք¬Հայաստան ամբողջականութեան ամրապնդման։ Իբրեւ հաւատքի եւ խանդավառութեան միութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ. այս յուշագիրով կ’ընդունի, որ հայրենիքը կը զարգանայ ու կը զօրանայ իր բոլոր զաւակներուն աշխատանքով միայն, իսկ հայութիւնը իր ինքնութիւնը կը պահէ եւ ազգային միասնականութիւնը կ’ամրապնդէ Հայաստանով միայն։ Առ այդ, ան իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ մասնակցելու հայրենի նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան եւ քաղաքացիական կրթութեան գործին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատրաստակամութիւնը, սակայն, ինքնին բաւարար պիտի չըլլար, եթէ անոր տրամադրութեան տակ չըլլային անհրաժեշտ կարելիութիւնները՝ նպատակադրուած գործը յաջողցնելու համար։ Ճի՛շդ այդ նպատակին կը ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընդլայնուած եւ բարեկարգուած նոր բանակավայրը, որ տրամադրուած ու վերաշինուած է Հայաստանի պետութեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին կողմէ։ Իր տեսակին մէջ եզակի բանակավայր մը ամբողջ Կովկասի մէջ, ինչ որ արդիական իր յարմարութիւններով միջազգային սկաուտութեան ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան վարկն ու հեղինակութիւնը կը բարձրացնէ։
Բիւրականի արդիական նոր բանակավայրը բարենիշ մըն է հայ սկաուտութեան համար, այնպէս ինչպէս բարենիշ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Բագրատ Եսայեանի ընտրութիւնը Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի ամէնէն հեղինակաւոր դիրքին՝ Շարժումի Բիւրոյին, ինչ որ աննախընթաց երեւոյթ է միութեան մէկ դարեայ պատմութեան մէջ։
Այս բոլորը ցուցանիշը կը հանդիսանան այն իրողութեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ. այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, կը մնայ հայ երիտասարդութեան մեծագոյն միութիւնը, որ տարիներու իր փորձառութեամբ, իր հմայքին ու վայելած լայն ժողովրդականութեան անփոխարինելի հարստութեամբ, կ’ընթանայ հետեւողական յաջողութեան ճամբով։ Ան չի բաւարարուիր անցեալի իրագործումներով։ Իր անհամար յաղթանակներուն գինովութիւնը չ’ապրիր ան։ Փառաւոր յաղթանակներու անցեալ մը ունի Հ.Մ.Ը.Մ.։ Սակայն յաղթանակներէն աւելի, յաղթանակներէն անդին, ան կը ձգտի իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալու գերագոյն իտէալին՝
Որպէսզի հայոց հայրենիքը մնայ միշտ ամուր եւ հզօր, որպէսզի հայութիւնը մնայ միշտ կենսալից ու առողջ,
Ի խնդիր մեր ազգային բոլոր տենչերուն իրականացման,
Եւ մեր պատմական բոլոր իրաւունքներուն վերականգնման։