Թիւ 18 - ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԾԻՔԸ

 

Անհատապէս թէ որպէս հաւաքականութիւն, իւրաքանչիւր մարդ եւ ազգ-ժողովուրդ հետաքրքրուած է ուրիշներու կարծիքով։

Այդ հետաքրքրութիւնը քիչերու մօտ կրաւորական է։ Մեծամասնութեան մօտ, ուրիշներու կարծիքը դրական դարձնելու ճիգ կայ, մասնաւոր ծրագրում կայ, աշխատանք կայ։

Անձեր, ձեռնարկներ, հաւաքականութիւններ, զանազան եւ զարմանազան միջոցներու կը դիմեն, որպէսզի ուրիշներու կարծիքը ունենան իրենց հետ։

Ուրիշներու կարծիքը բարոյա-նիւթական դրամագլուխի կը վերածուի յաճախ եւ կը նկատուի յաջողութեան հիմնական բանալիներէն։

Ուրիշներու կարծիքը բան մըն է, այդ կարծիքին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը՝ ուրիշ բան է։

Ուրիշներու կարծիքին մէջ տպաւորութիւն գործելու ռազմավարութիւն ալ կայ, եւ կարծիք մը միշտ կարծիք է վերջին հաշուով, այսինքն՝ փոփոխական, երբ համոզումի չէ վերածուած։

Երբ մակարդակ եւ անհատականութիւն չունի, ուրիշներու կարծիքին խաղին մէջ ինկողը յանկարծ կþիյնայ ուրիշի կարծիքով ինքզինք դատելու ինքնախաբէութեան մէջ, որ կրնայ տանիլ... ինքնակործանումի։

Ուրիշներու կարծիքը երկսայրի սուր է երբեմն։

Սակայն մեր պարագային, հարցը այն է, որ մենք Սփիւռքի մէջ կազմակերպուած ձեւով, յստակ ծրագրումով ուրիշներու մօտ դրական կարծիք ստեղծելու աշխատանք չենք տարած։

Մեզ ինքնաբերաբար ճանչցողները բան մը կþըսեն մեր մասին։ Թիւով քիչ ենք, հետեւաբար մեզ ճանչցողները եւս աչքառու բանակ չեն։ Իսկ բնական կարգով շահուածը՝ գործ չէ։

Մեր անմիջական շրջանակը անգամ մակերեսային հաստատումներէ անդին չէ անցած։ Յոգնեցուցիչ յանկերգի վերածուած է այն, որ աշխատասէր ժողովուրդ ենք, որ մուրացկան չունինք, որ պատուախնդիր ենք, որ հաւատարիմ ենք եւ խոստմնապահ։

Մեր ճամբով քիչեր կը ճանչնան մեր պատմութիւնը, մեր ընկերային վիճակը, մեր քաղաքական դատը։

Այս է, որ կազմակերպուած չէ մեր մօտ։

Հ.Մ.Ը.Մ. միջ-գաղութային պասքեթպոլի մրցաշարք կազմակերպեց Գանատայի մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար ո՛չ առաջինն է եւ ոչ վերջինը նման տարողութեամբ գործ մը։ Մարզական այս հսկայ Միութիւնը ուրիշներու մօտ կարծիք ստեղծելու բնական այնպիսի կարելիութիւն ունի, որ ափսոս պիտի ըլլայ զայն առաւելագոյն չափով չշահարկելը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական եւ սկաուտական բոլոր խումբերը, երբ տեղէ տեղ կþերթան, իրենց կեցուածքով, գործակցութեան ոգիով եւ հաղորդականութեամբ անպայման դրական տպաւորութիւն կը գործեն։

Բացի այն իրողութենէն, որ Սփիւռքի տարածքին ցրուած հայորդիներուն նոր խանդ եւ հպարտանք կը բաշխէ Հ.Մ.Ը.Մ., ուրիշներու մօտ կարծիք ստեղծող պատկառելի արդիւնքի կը վերածուի Ան։

Այս դիտանկիւնէն մեկնած՝ կրկնակ արժեւորում կը ստանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնը։

Մեզ այլոց ծանօթացնելու զուլալ աղբիւր է այս Միութիւնը, որուն գործունէութեան վրայ պէտք է գուրգուրալ առաւել խանդաղատանքով։

Տարածենք