Թիւ 311 - ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

 

Աշխարհը երախտիքով կը յիշէ արդի ողիմպիականներու հիմնադիրին նշանաւոր խօսքը, թէ՝ չորս տարին անգամ մը կատարուող խաղերուն գլխաւոր արժէքը կը հանդիսանայ մրցելու ոգին։ Հետեւաբար, մեծ կարեւորութիւն չի ներկայացներ առաջնութիւն մը կամ պատուոյ դիրք մը, որ կը նսեմանայ չորս տարին անգամ մը աշխարհի երիտասարդութեան մէջ ամրապնդուող մարդկային առողջ ոգիին առջեւ։

Քուպերթէնի այս մտածումները կը բխէին ողիմպիականի մը առթիւ ըսուած խօսքերէն, որոնք ոգեւորիչ էին ու հիմնական, որովհետեւ կը բանաձեւէին ողիմպիական խաղերուն իսկական նպատակը, այն է՝ մարմնակրթութիւնը միջոց ծառայեցնել ազգերու համագործակցութեան եւ բարեկամութեան։

Արդարեւ, ողիմպիականը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արժէքներու ցուցադրութիւն մը։ Ամպիոն մը, որուն վրայ ամէն ազգ կու գայ ներկայացնելու իր արժանիքները, չորս տարուան ընթացքին իր երիտասարդութեան ունեցած նուաճումներուն արդիւնքը։

Ողիմպիականը հաւաքական ճիգերու արդիւնաբերման տեղն է, փոխադարձ հասկացողութեան, բարոյական եւ ֆիզիքական ձիրքերու ներդաշնակութեան բարձր արտայայտութիւն մը, ազգային գիտակցութեան ամրապնդման ամուր կռուան մը։

Ողիմպիականներու ընթացքին կիրարկուող մարզաձեւերը ֆիզիքական ուժէ դուրս յատկութիւններ են, որոնք ձեռք կը ձգուին երկար ու յարատեւ աշխատանքով։ Անոնցմով կը հասկնանք, թէ արուեստը կը բխի հոգիէն, որովհետեւ ֆիզիքական որեւէ արտայայտութիւն՝ վազել, ցատկիլ, լողալ եւ այլ միջոցներ կը ծառայեն մարդկային կարողութիւններու զարգացման եւ իրենց հետ անպայման կարեւոր նպաստ մը կը բերեն ընկերութեան յառաջդիմութեան։

Արուե՛ստ կայ այն մարդու շարժումին մէջ, որ կը վերցնէ 400 քլկ.։ Ան իր յաջողութիւնը չի պարտիր իր ֆիզիքական ուժին, ինչպէս կ’ընեն բեռնակիրները կամ ինչպէս ժամանակին կ’ընէին ուրիշներ, երբ հսկայական քարեր կը վերցնէին՝ կառուցելու համար Եգիպտոսի բուրգերը։ Այդ մարդիկը իրենց ֆիզիքական ուժը կը գործածէին լոկ։ Մինչդեռ արուեստը անո՛նց մօտ էր, որոնք կը ծրագրէին, կը յղանային եւ կը գործադրէին այդ բուրգերուն շինութիւնը։

Ողիմպիականի մրցումի մը առաջին հանդիսացողը կու լայ ուրախութենէն, երբ իր ազգային դրօշը կը բարձրանայ պատուոյ ամպիոնին կայմին վրայ, ու երբ իր ազգային քայլերգը կը հնչէ՝ աշխարհին ծանուցանելու, թէ յաղթականը կը պատկանի այդ դրօշին եւ քայլերգին։

Յաղթականը հպարտ կ’ըլլայ, որովհետեւ իր էութեան մէջ կը կրէ նաեւ հպարտութիւնը իր ազգակիցներուն։ Ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ոչ մէկ հայ կրնայ ժխտել։ Կա՞յ հայ մը, որ չ’ուրախանար կամ չի հպարտանար տեսնելով կամ լսելով հայու մը յաղթանակը այս կամ այն մարզաձեւին մէջ, ինչպէս Արմէն Նազարեանի յաջողութիւնը ըմբշամարտի մէջ, Արսէն Մելիքեանի նուաճումը ծանրաբարձութեան մէջ, Անտրէ Աղասիի իրագործումը թենիսի մէջ եւ ուրիշներ։

Ահաւասի՛կ նշանակութիւնը ողիմպիական խաղերուն։ Արժէքներու ցուցահանդէսն է ան, որուն մէջ ազգեր մեծ անձկութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը սպասեն իրաւարարին սուլիչին։

Տարածենք