ԵՂԲԱՅՐ ԽԱԺԱԿ ՏԻԼՊԷՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ ընտանիքը 27 Հոկտեմբեր 2022-ին կորսնցուց իր վաստակաշատ եղբայրներէն, միութեան «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ երէց եղբայր Խաժակ Տիլպէրեանը:

Եղբ. Խաժակ ծնած էր Հալէպ, 1953-ին, միութենական ազգաշունչ ընտանիքի մը մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանը, որմէ ետք ուղղուած է գործի ասպարէզ։ Դպրոցէն հեռանալը զինք հեռու չէ պահած ինքնազարգացման աշխատանքէն, Հ.Մ.Ը.Մ. ը ունենալով իբրեւ երկրորդ դպրոց: 1961-ին, իբրեւ գայլիկ, ան մուտք գործած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը: 1963-ին փոխանցուած է սկաուտական շարքեր: 1968-էն սկսեալ եղբ. Խաժակ մասնակցած է սկաուտական բանակումներու: 1988-ին ան համարձակութիւնը ունեցած է Հալէպէն մինչեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի բանակավայրը երթալու հեծանիւով: 1990-էն սկսեալ, ան երկար տարիներ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ եւ վարած է ատենադպիրի, ապա՝ ատենապետի պաշտօններ:

1995-1996, եղբ. Խաժակ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ վարած է ատենապետի պաշտօն: Երկու շրջան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ:

Եղբ. Խաժակ երկար տարիներ եղած է միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի Սուրիոյ թղթակից: 2018-ին ան նշանակուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Սուրիոյ շրջանի յանձնախումբի անդամ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 9-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին, 2007-ին, Հայաստան, ան մասնակցած է իբրեւ Սուրիոյ շրջանէն ընտրուած պատգամաւոր: Իբրեւ ներկայացուցիչ ան մասնակցած է նաեւ ուղեկից միութիւններու Ա. խորհրդաժողովին, Լիբանանի մէջ, 2004-ին:

Եղբ. Խաժակ երկար տարիներ մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովներու, յաճախ ստանձնելով ատենադպիրի պաշտօն:

2013-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95-ամեակի առիթով, եւ առ ի գնահատանք իր երկար տարիներու ծառայութեան եւ անխոնջ աշխատանքին, եղբ. Խաժակ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի «Ծառայութեան» շքանշանով:

2016-ին, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 35-ամեակին առիթով, իբրեւ Սուրիոյ թղթակից, ան պարգեւատրուած է թերթին խմբագրութեան որոշումով եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ձեռամբ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծառայութեան կողքին, եղբ. Խաժակ անդամակցած է Բերիոյ Թեմի ծառայութեան խորհուրդին, իբրեւ երիտասարդներու ներկայացուցիչ: 1999-էն ի վեր ան անդամ էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղականութեան:

Բազմավաստակ եղբօր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու սրտերուն մէջ:

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն

Տարածենք