Թիւ 34 - ԻՐԱՐՈՒ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ

 

Վերջինը՝ Խորէն Ա. երջանկայիշատակն էր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան ջատագով։

Զաւէն Պատրիարք Եղիայեանը՝ իրմէ առաջ։

Տակաւին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, իրա՛ւ սկաուտ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ, կամ սկաո՛ւտ եղած չըլլալուն տխրութիւնը ցարդ ապրող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն անգամ արդար է դասել վեհափառ սկաուտներու ցանկին, որպէս «պատուոյ անդամ»։

Գտնուեցա՞ւ եկեղեցական հայր մը, որ տեսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ չհիացաւ անոր կառոյցին։

Ինչպէ՛ս չյիշել Տաճատ Արք. Ուրֆալեանը։

Գտնուեցա՞ւ կաթողիկոս մը, հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխան, որ կոնդակով ու բանիւ չգնահատէր այս անկրկնելի միութիւնը։

Եկեղեցական հայրերու համակրանքը, ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական թեւին նկատմամբ, անկասկած իր պատճառները ունի եւ երբեք պատահական կամ պարագայական չէ։

Նախ Հ.Մ.Ը.Մ. ինքն իր կառոյցին մէջ, որպէս դաստիարակութիւն եւ հոգեբանութիւն, ընկալած է հայաստանեայց եկեղեցին որպէս անբաժան մէկ գործօնը ազգին եւ ազգապահպանման։

Յետոյ,

Հ.Մ.Ը.Մ. եղած է աստուածավախ, հետեւաբար եւ կրօնական ծէսերու եւ հասկացողութեանց հետ համընթաց քալող կազմակերպութիւն։

Հայ եկեղեցին պանծացուցա՞ծ է կրօնական որեւէ դէպք կամ դէմք -Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները միշտ գտնուած են առաջին շարքի վրայ։

Հայ եկեղեցին ունեցա՞ծ է ազգային հաւաք- Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները հսկած են կարգապահութեան։

Հայ եկեղեցին որեւէ առթիւ եւ որեւէ տեղ պէ՞տք ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին- նուագախումբ եւ տարազ փայլք տուած են հրաւէրին։

Կրկին յետոյ,

Ամէն Կիրակի եկեղեցի երթալը, ամէն առիթով ու ամէն տեղ հայաստանեայց եկեղեցի այցը Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան համար ընկալուած նկարագիր է այլեւս։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան երդումի առաջին պարբերութիւնը, ա՛յդ է, «հաւատարմութիւն Աստուծոյ»։

Փոխադարձութեան օրէնքով, նոյն այդ սկաուտները համակրանքին եւ գուրգուրանքին ենթակայ են եկեղեցական հայրերուն՝ քահանայ, սարկաւագ, վարդապետ, եպիսկոպոս թէ կաթողիկոս, որոնք սկաուտութեան մէջ կը տեսնեն եկեղեցւոյ փոքրիկ պահակները, որոնց ճակտին թէ գօտիին վրայ կը փայլի Արարատը։

Արարատը՝

Որուն վրայ մարդկութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով ծնաւ եւ որուն վրայ հանգչեցաւ տապանը Նոյեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար հայ եկեղեցին միշտ եղած է «տունը հայուն» եւ որուն հետեւանքով է անկասկած, որ Տան մեծերը Հ.Մ.Ը.Մ.ը նկատած են նոյն տան չարքաշ, եռանդուն, համակրելի երիտասարդը։

Երիցս երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս, երբ կը խօսէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին, խօսքերէն աւելի խօսուն կը դառնային աչքերը, որոնք կը վերածուէին մէկական սիրածոր աստղի։

Եկեղեցի եւ միութիւն այնքան փոխադարձ սիրով եւ յարգանքով, փոխադարձ ազգաշահ ակնկալութիւններով իրարու չեն կապուած, որքան Հ.Մ.Ը.Մ. եւ հայաստանեայց եկեղեցին։

Որքան դիպուկ ու ներդաշնակ եղաւ վերջին երեւոյթը ընդմէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ եկեղեցւոյ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն միակ վերապրողը եկեղեցական հայր մըն է՝ Տիգրան Քհնյ. Խոյեան, որուն յուշագրութեան հրատարակութեան առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս տուաւ սրբատառ Կոնդակ եւ որուն մէջ ԱՒԱԳութեան աստիճան շնորհեց արժանապատիւ քահանային։

Ազգային կառոյցները իրարու լրացուցիչ եւ շարունակութիւն են անկասկած, վկայ «սկաուտութեան սիրահար եկեղեցականներու վեհափա՛ռ շարանը» եւ սկաուտութեան «պատուի առ»ը՝ անոնց դիմաց։

Տարածենք