Թիւ 301-302 - ԳՈՐԾԻ՛ ՄՂԵԼ

 

Վաստակաշատ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կորուստին հետ, նոյն խօսքերն է որ կը կրկնուին մեր շուրջ. «Հիներէն մէկն ալ գնաց։ Ո՞վ պիտի փոխարինէ զայն։ Նորեր չեն պատրաստուիր։ Այսօրուան սերունդը տարբեր է։ Անտարբե՛ր է։ Ընդհանրապէս անձնակեդրոն կեանք կ’ապրի։ Հակառակ համալսարանական իր պատրաստութեան, հրապարակի վրայ չ’երեւիր։ Գործունեայ չէ։ Ազգային-միութենական կեանքով չի զբաղիր»։

Ու կը յաջորդէ նոյնին շարունակութիւնը. «Մեր ատե՜ն տարբեր էր։ Մենք ինչե՜ր կþընէինք…»։

Հակառակը ոչ ոք կրնայ պնդել, սակայն անարդար է նաեւ անցեալի ու ներկայի սերունդները իրարու բաղդատել, որովհետեւ մեր կեանքը այնքա՜ն արագ կը զարգանայ, որ մեր շուրջը ոչ մէկ բան նոյնը կը մնայ։ Այսօր փոխուած են անձնական ու հաւաքական կեանքի պայմանները, մտայնութիւնները, գործի ըմբռնումներն ու օրուան պահանջները։

Պատմութեան ու նաեւ մեր իրականութեան մէջ հաստատուած է, որ երիտասարդներն են ընկերութեան մը մէջ փոփոխութիւն մտցնողները, յառաջդիմութիւն կերտողները։

Ի պատիւ հին սերունդին, որուն մօտ փորձառութիւնը չի պակսիր, անցեալին տարուած աշխատանքները տուած են իրենց յուսատու արդիւնքը։ Նոր սերունդը այսօր կþապրի համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններու մէջ։ Դպրոցներ, միութիւններ, ազգային-հասարակական կեանքը առաջնորդող կառոյցներ անցեալէն շատ աւելի լաւ յարմարութիւններով կը գործեն ներկայիս։

Բայց արդեօք այդքանը բաւարա՞ր է։ Ինչո՞ւ ուրեմն, տարին քանի մը անգամ, իւրաքանչիւր անդարձ մեկնողի հետ նոյն դժգոհութիւնն է որ կը լսուի. «Նորեր չեն պատրաստուիր…»։

Իսկ ո՞վ պիտի պատրաստէ եւ ի՞նչպէս։

Ահա՛ մեծագոյն հարցումը, զոր իր պատասխանը կը փնտռէ։

Նոր սերունդը այդքան ալ անտարբեր չէ. ան ունի ուսում, գիտութիւն, եռանդ եւ կարողութիւն, սակայն անոր կը պակսի մէկ բան՝ փորձառութիւն, որպէսզի արժեցնէ ինքզինք։ Իսկ փորձառութիւնը ձեռք կը ձգուի՝ գործելով միայն։

Ուշ կամ կանուխ նոր սերունդը, որ հիմա երիտասարդ է, պիտի անցնի գործի գլուխ։ Սակայն եթէ ան նախապէս պատրաստ չէ, գործէն հեռու է, տարիներու ընթացքը բան չպիտի չփոխէ իր անփորձութենէն։

Հետեւաբար, չի բաւեր գանգատիլ երիտասարդութենէն։ Չի բաւեր նաեւ երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութիւն տալ, պէտք է զայն գործի՛ մղել, աշխատանքի առիթներ ստեղծելով անոր դիմաց։

Մարդուժի տագնապը իր լուծումը ունի, պայմանով որ հինի եւ նորի փոխանցման շրջանը ըլլայ աստիճանաբար ու անզգալաբար։ Որքա՜ն պիտի տուժէ գործը, եթէ նորերը գան յանկարծակի, ու փոխարինեն մարդիկ, որոնց ամբողջ կեանքը փորձառութեամբ հարուստ եղած է։ Պէտք է նորերը օգտուին անոնց փորձառութենէն, եւ ասոր համար միայն մէկ միջոց կայ.- Նորերը պէտք է գործեն հիներուն հետ։

Պէտք է թարմացնել ուժերը, անոնց ուղղութիւն տալով։ Այդ ժամանակ միայն լուծուած կ’ըլլայ հինի եւ նորի խնդիրը, ու այլեւս չենք լսեր. «Հիները կը մեկնին, նորեր չեն պատրաստուիր…»։

Տարածենք