Թիւ 426 - ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ՛ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

Մթնոլորտ բառին կրնան յարմարիլ բազմաթիւ ածականներ.- ջերմ, ընտանեկան, դրական, դաստիարակիչ, խանդավառ, ճոխ, հաճելի…
Սակայն յիշեալ ածականներէն ոչ մէկը կրնայ հարազատօրէն ներկայացնել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկի մը մթնոլորտը։ Իսկ ի՛նչ խօսք, երբ այդ ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ երեք տարուան անբնական պայմաններէ ետք՝ քորոնայի համաճարակ, միութենական գործունէութեան սահմանափակում, ճամբորդութեան արգելքներ, համաշխարհային տնտեսական տագնապ, Արցախի պատերազմ եւ անոր յաջորդած մտահոգիչ դէպքերու զարգացումներ։
Նման պայմաններու մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր կազմակերպելը, բազմահարիւր մարզիկ-մարզիկուհիներ հայրենի հողին վրայ համախմբելն ու միութենական կեանքը վերականգնելը պիտի ենթադրէր հսկայական ճիգ եւ ներդրում։ Ու նաեւ՝ մարդկային եւ նիւթական լայն միջոցներ, տասներկու մարզաձեւերու մրցակցութեան կողքին, Շար...