Թիւ 187 - ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԽՈՅԱՆՔԸ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Ուշագրաւ է ճային՝ ծովային թռչունին օրինակը։ Ծովեզերեայ իր պատուանդանին վրայ կանգնած՝ ան կը մերժէ ծովէն հեռանալ, որքան ալ ալիքները զօրաւոր շառաչեն իր շուրջ։ Բնութեան հասարակ եւ սովորական երեւոյթներէն վեր՝ ճախրանքի սիրահար է ան։ Անոր համար անընդունելի են ցամաքի թռչուններուն բոլոր հրաւէրները՝ ցամաք ուղղուելու եւ առանձինն չնաշխարհիկ կեանք մը ապրելու, քանի իր միջավայրը ծովն է, անաղարտ բնութիւնը, անարատ ջուրն ու օդը։ Ան ծնած է թռչելու համար, բարձրանալու երկինքն ի վեր, խոյանալու անհուն կապոյտին խորերը, վեհին, վսեմին ու կատարեալին փնտռտուքով։ Քաղաքին ժխորը, ապականած ու կաշկանդիչ մթնոլորտը անհարազատ են իրեն։ Ինք անդորր, մաքուր եւ անկաշկանդ կեանքի տենչացողն է։ Բարձրանալը իր էութեան տարերքն է, իսկ իր նմանները իր հետ բարձրացնելը՝ մեծագոյն տենչը, ձգտո՛ւմը իր կեանքին։

Զարմանալի է ծովային ճային՝ թռչունին օրինակը։ Դժուար թէ գտնուի մէկը, որ տեսած ըլլայ այդ թռչունը ու մտովին պատկերացուցած չըլլայ իր կեանքի, մե՛ր կեանքի «ծովային թռչունը»։ Ան, որ 80 տարիէ ի վեր շնչող ու ապրող ներկայութիւն է հայ կեանքին մէջ։ Ան, որուն տեսնելու ու ճանչնալու համար կարիքը չկայ այնքան մեծ ծանօթութիւններ ունենալու, որքան՝ չորս տառեր հեգել գիտնալու։ Պարզ ու դիւրահաղորդ չո՛րս տառեր միայն, որոնք սկզբնատառերը նշեն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն անունին։

Արդարեւ, ճային օրինակով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ կեանքը հանդիսացաւ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի տեւական խոյանք։ Հայ հաւատքի եւ բարոյականութեան պատուանդանին վրայ կանգնած, Հ.Մ.Ը.Մ. 80 տարի շարունակ իր գործով եւ գաղափարական ծառայութեամբ ընդդիմացաւ կորովի երիտասարդութեան ոգեղէն գոյութեան սպառնացող բազմապիսի վտանգներուն, եւ սկաուտական իր Շուշանածաղիկին թեւերով բարձրացաւ վեր, իբրեւ հայուն ճակատագրապաշտութեան դէմ ցցուող մարտահրաւէր։

Հ.Մ.Ը.Մ. բարձրացաւ եւ իր հետ գաղափարական իր շարքերը բարձրացուց միօրինակ առօրեայէ վեր, որ մեր առօրեան է առհասարակ, ապրուստի հեւքով, նիւթապաշտութեան խելայեղ վազքով եւ միջակութիւններով լեցուն։ Իրմով հայու զաւակները բարձրացան հողանիւթ եւ շօշափելի իրականութիւններէ վեր՝ իրենց հոգիին խորերը գտնելու այն ինչ որ իրա՛ւ է ու յաւիտենական։

Հ.Մ.Ը.Մ. բարձրացաւ եւ իր հետ նորահաս սերունդները բարձրացուց այլասերիչ միջավայրերէ վեր։ Բարձրացաւ եւ հայրենական երկինք ու հող, շունչ ու հոգի տուաւ անոնց, որոնց աչքերը, սիրտն ու հոգին կարօտը ունէին հայու անկորնչելի այդ արժէքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ. բարձրացաւ եւ իր հետ հայ կեանքը բարձրացուց ապականած իր շրջապատէն վեր, մեր հաւաքական կեանքը խանգարող ճղճիմ եսասիրութիւններէն, անհատականութիւններէն եւ կիրքերէն վեր, ներքին մեր անդորրը գտնելու եւ հայու ինքնութիւնը ճանչնալու։

Հ.Մ.Ը.Մ. բարձրացաւ եւ տեղքայլի ու նահանջի ամէնէն յուսաբեկ պայմաններուն մէջ իսկ իր հետ բարձրացուց հայու ոգի՛ն, հայու դրօշը, արիւնոտ, աքսորական, այժմ հայրենադարձ Եռագո՛յնը դրօշը։

Հ.Մ.Ը.Մ. բարձրացաւ եւ իրականութիւն դարձուց բանաստեղծին երազը.

«Եթէ կրնաս՝ բարձրացի՛ր… եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՝ բարձրացո՛ւր…»։

Հ.Մ.Ը.Մ. բարձրացաւ եւ 80 տարի շարունակ յաղթական իր խոյանքով նուիրագործեց իր վսեմ կոչումը, կերտեց բարոյական մարդը եւ հայրենասէր հայը։ Հետեւաբար, ան դադրեցաւ սոսկական միութիւն մը ըլլալէ, դարձաւ մեր խիզախ պապերու առաքինութեան հարազատ արտայայտիչը եւ հայ հաւատքի ամուր պատուանդանը անցնող ու գալիք 80 տարիներուն համար եւս։

 

Տարածենք