Թիւ 125 - ՅԱՐԱԼԷԶՆԵՐԸ Ո՛ՂՋ ԵՆ ՏԱԿԱՒԻՆ

 

Առասպելները, անգամ մը ծնելէ ետք, ընդմիշտ կ’ապրին տիեզերքի ոլորտներուն թէ զիրենք երկնած ժողովուրդներու երեւակայութեան ու արիւնին մէջ, նաեւ՝ անոնց հոգեյատակին։

Առասպելներն ու հեքիաթները, երկար ատեն անտես մնալէ կամ մոռացութեան մատնուելէ յետոյ՝ կը յայտնուին յանկարծ ալեկոծ  օրերու կեանքի մակարդակին, ովկիաններու կոհակները պատռող, մակերեսէն դո՛ւրս ցցուող եւ կենսագործման յաւերժութիւնը փաստող ամեհի կէտ-ձուկերու պէս։

Որո՞ւն անծանօթ կը մնայ յունական դիցաբանութեան փիւնիկը, այդ առասպելական թռչունը, որ ընդունակ էր ինքզինք այրելու եւ իր աճիւններէն, իր մոխիրներէն վերակենդանանալու կրկին, յուշելով որ՝ մահ չկա՛յ իր հաւատքին, իր ազնուական գաղափարներուն եւ տեսիլքներուն ի խնդիր ողջակիզուող հաւաքականութիւններուն եւ ազգերուն համար։

Աստուածորդւոյն հրաշալի Յարութենէն դարե՜ր առաջ, հինաւուրց մեր ժողովուրդը կը հաւատա՛ր Յարալէզներուն, հրաշագործ այդ գամբռներուն, որոնք կ’իջնէին երկինքէն, եւ լզելով քաջերու եւ դիւցազուններու, կենսաբաշխ իրենց շունչը տալով անոնց ռունգերուն՝ կը վերադարձնէին զանոնք կենսատրոփ կեանքի։

Այսօր՝

Այդ յարալէզները, աշխարհի երեսին բազում վայրեր, բայց ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ՝ փա՛ստը կու տան իրենց յաւերժական գոյութեան։

Հինգ ցամաքամասերու տարածքին, բռնազբօսիկ հրովարտակներ կը պատռուին, քաղաքներ կը վերամկրտուին իրենց հին ու հարազատ անունով, պարտադիր շղթաները կը փշրուին, եւ ընկլուզուած ազգեր կը վերայայտնուին, կը վերակառուցուին պատմական իրենց սահմանները՝ տէրը դառնալով իրենց ճակատագրին։

Յարալէզները երկինքէն իջած են Հայաստան Աշխարհ ու կը վերակենդանացնեն հոն՝ առասպելական դիւցազուններ, կը վերաշնչաւորեն անկախ պետականութիւնն ու ժողովուրդին ինքնութիւնը։

«Հին Աստուածներ»ը ցամաք ելած են արդէն Սեւանի ափին։

Հի՛ն Աստուածներ, բայց Էջմիածնի խաչի՛ն ու սո՛ւրբ հովանիին տակ։

Երէկ շղթայուած՝

Այսօր ինքնավար։

Հայաստան պաշտօնապէս ոտք դրած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան սեմին, իբրեւ հին ու հարազատ անդամը ազգերու համաշխարհային մեծ ընտանիքին։ Եւ Եռագոյնը կը ծածանի արծուեթեւ բոլոր պետական դրօշներու շարքին։

Արտաւազդը դո՛ւրս թռած է Մասիսի անդունդներէն, ու աշտանակած՝ իր նժոյգը։

Վաղը՝

Կը նուաճուի վերջին հանգրուանն ալ, ու կը հասնինք յաղթանակի կատարին։

Վաղը՝

Աչքերը կը բանայ ու ոտքի կը կանգնի սիրոյ եւ սրբենի բարքերու մարմնացում Արա Գեղեցիկն ալ։ Կþըլլայ լո՛յս, կը տիրէ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն երկիր դրախտավայրի մէկ ծայրէն միւսը։

Յայնժամ՝

Սըր Պէյտըն Փաուըլի ջերմ գնահատանքին արժանացած հայ սկաուտը անկախ իր երկրին դրօշո՛վ, իւրայատուկ իր տարազով կը մասնակցի, վրա՛ն կը զարնէ միջազգային Ճամպորիներուն, միշտ հանդիսանալով օրինակ եւ առաջնորդող աստղ՝ ուրիշներու։

Յայնժամ՝

Աշխարհ ոտքի կը կանգնի ողիմպիականներու յաղթանակի պատուանդանը գրաւող արքայազուն Տրդատի եւ Վարազդատի տիպարով հայ մարզիկներու դիմաց՝ ունկնդրելու հայ պետական քայլերգը՝ «Մեր Հայրենիք»ը, եւ յարգանքով խոնարհելու մեր սուրբ դրօշին՝ Կարմիր-Կապոյտ-Նարնջագոյնին առջեւ։

Յարալէզները ո՛ղջ են, ու ո՛ղջ կը մնան՝ ցկատարած աշխարհի։

 

Տարածենք