ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԴԱՇՏԻՆ
2 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի հրաւէրով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ACN բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն պաշտօնական ծանօթացումը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի վերանորոգուած դաշտին։
Հանդիպումին բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը։
Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, ACN բարեսիրական միութեան ներկայացուցիչներ՝ Ռեժինա Լինչ, Ռայնհարտ Պաքս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Շար...