ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
22-29 Յուլիս 2017-ին, Հայաստան հանդիպման վայրը պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեծ ընտանիքի մարզական «կամաւոր բանակ»ի աշխարհասփիւռ ներկայացուցիչներուն։ Միութեան 20 շրջաններէն շուրջ 1000 մարզիկներ առիթը պիտի ունենան 8 օրեր միասնաբար ըլլալու, 9 մարզախաղերու ախոյեանական բաժակներուն համար մրցելու, իրենց հայրենիքը ճանչնալու եւ հայկականութեամբ լեցուելու։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու յայտագիրին վրայ են 9 մարզաձեւեր.- ֆութպոլ (տղաք Շար...