ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՈՅԻ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԿԱՄՔ» ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» Սկաուտական Խումբ
ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Մոնթէվիտէոյի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» սկաուտական խումբին տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ Յունուարին, Ֆլորեսթա շրջանի Իտալկօ գեղատեսիլ վայրը։
Սկաուտական պատասխանատուները մեծ թիւով քոյր-եղբայրներու համար ծրագրած էին աշխատանքի ձեւ մը, որով մասնակիցը նախ անհատապէս իր մէջ զարգացնէր սկաուտական հասկացողութիւնը եւ ապա՝ խմբային աշխատանքը, որուն  Շար...

2017-01-20 |

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԻՐԱՔԱՀԱՅ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

 

Թղթակից
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Լոս Անճելըս բնակող իրաքահայ խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, վերջերս, ձեռնարկեցին համախմբում-խրախճանքի մը, Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղիին «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հիմնուած է 1949-ին եւ կը գործէ մինչեւ օրս: Իրաքի մնացեալ երկու մասնաճիւղերը՝ Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ, հիմնուած են 1960-ին:  Շար...

2017-01-10 |

«ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԶԱՒԷՆ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Հալէպ)- 22 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին ընկերակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Զաւէն Տէրվիշեանի բնակարանը եւ զայն պարգեւատրեց միութեան «Արտակարգ» շքանշանով։

Հանդիպումին բացումը կատարուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան  Շար...

2016-12-22 |

ԴՐՕՇԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԼԵՐԱՆ ԿԱՏԱՐԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Պուրճ Համուտ)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ, Շրջանային Խմբապետութիւնը կազմակերպեց երէց ճիւղի երկօրեայ արշաւ մը դէպի Լիբանանի բարձագոյն լեռը՝ Քորնէթ Սաուտա:

Արշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 40 երէցներ: Հարկ է յիշել, որ երկօրեայ արշաւին իրականացման համար Շրջանային Վարչութիւնը ճիգ չխնայեց, իսկ  Շար...

2016-12-20 |

ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Հալէպ)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, միութեան 98-ամեակին եւ «Ծառայութեան տարուան» առիթներով տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ գնահատանքի հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին պարգեւատրուեցան յիսուն տարիքը բոլորած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ 25 տարիներու ծառայութիւն ունեցող քոյրերն ու եղբայրները։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Շար...

2016-12-17 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 98-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ 23-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Քեսապ)- Նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի 11 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեակին եւ Քեսապի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 23-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րաֆֆի Կէվօղլանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ.  Շար...

2016-12-11 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Լաթաքիա)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգ. Նահատակաց վարժարանի «Արարատ» սրահին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 90-ամեակը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րա‎բբի Կէվօղլանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ  Շար...

2016-12-10 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԿԸ ՆՇԷ«ՄԱՐԶԻԿ»Ի 35-ԱՄԵԱԿԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Վիեննա)- 10 Դեկտեմբեր 2016-ին, Վիեննայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեամբ մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի մասնաճիւղը արժանավայել կերպով նշեց միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հիմնադրութեան 35-ամեակը:

Սկաուտները շքերթով սրահ մուտք գործելէ ետք, Հայաստանի քայլերգով հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջերս մահացած, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական,  Շար...

2016-12-10 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Շանթ Ժամկոչեան
ՏԻԹՐՈՅԹ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Տիթրոյթի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրուան ժամը 1-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Լիլիան Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը։
Ներկայ էին օրուան պատուոյ նախագահներ՝ տէր եւ տիկին Հերման Խնդիրեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Տիթրոյթի «Ազատամարտ» կոմիտէի  Շար...

2016-12-04 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆ՝ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 12 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ տիրեց խանդավառ մթնոլորտ: Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան առաջարկով եւ Կեդրոնական Վարչութեան վաւերացումով, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան տարեկան տօնախմբութեան առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ը «Արտակարգ պատուանշան»ով պարգեւատրեց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ին ցուցաբերած իր մնայուն աջակցութեան եւ հոգածութեան  Շար...

2016-11-12 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 28-30 Հոկտեմբեր 2016-ի շաբաթավերջին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու 38-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը, շրջանի աւելի քան հարիւր ընտրեալ ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ:

Նոյն օրերուն, Կիպրոսի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերու եւ միջ-դիւանական 9-րդ խորհրդաժողովի գումարման պատճառով, Կեդրոնական Վարչութիւնը ժողովին ներկայացուցիչ նշանակած էր  Շար...

2016-10-30 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Նիկոսիա)- Միջ¬դիւանական 9¬րդ խորհրդաժողովի աւարտին, 29 Հոկտեմբեր 2016¬ի երեկոյեան, խորհրդաժողովին մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ե.Մ.ի սկաուտական խումբի խոստման արարողութեան։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիկոսիոյ մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով ծնողներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։ Ներկաներու շարքին էին կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան, վաստակաշատ սկաուտապետ Յարութիւն Անմահունի,  Շար...

2016-10-29 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԵՂԱՒ ԴՊՐՈՑ ՄԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Նիկոսիա)- Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական խորհրդաժողովին մասնակիցները, ժողովական իրենց նիստերու երկրորդ օրուան աւարտին, 28 Հոկտեմբերին, առիթն ու պատիւը ունեցան Ստրովոլոսի քաղաքապետութեան հանդիսասրահին մէջ ներկայ գտնուելու հայրենի երգչուհի Ալլա Լեւոնեանի համերգին։

Կիպրահայ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Ալլա Լեւոնեան իր առաջին ելոյթն էր, որ կ’ունենար Կիպրոսի մէջ։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին դաշնակարուհի Զարա Բարխուդարեան  Շար...

2016-10-28 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐԻ ՆԻՍՏԵՐԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Նիկոսիա)- 2015-2019 քառամեակի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը տեղի ունեցան միջ-դիւանական 9-րդ խորհրդաժողովի նախօրեակին, 25 եւ 26 Հոկտեմբեր 2016-ին, Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս։

Լիագումար նիստերուն ներկայ գտնուեցան Կեդրոնական Վարչութեան գրեթէ բոլոր անդամները եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին խմբագիրը։ Յարգելի պատճառներով նիստերէն բացակայեցաւ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան։

Լիագումարը նախ զեկուցում մը լսեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու  Շար...

2016-10-26 |

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՊՈՐՏԸ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՈՒՄ» ՀԱՏՈՐԻՆ ԳԻՆԵՁՕՆԸ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Կլէնտէյլ)- 19 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, մեծ թիւով ընթերցասէր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, համակիրներու եւ հիւրերու մասնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գինեձօնը Հայոց Ցեղասպանութան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի հեղինակած «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան Կայսրութիւնում» հատորին: Ներկայ էին թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը ներկայացնող, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ  Շար...

2016-10-19 |
Displaying 376 to 390 (of 393 news)

Տարածենք