ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ
Եւրոպայի մեկուսի շրջաններուն համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած սկաուտական Վկայեալ կարգի դասընթացքը ընթացք առաւ Կիրակի, 22 Մայիսին, առցանց հանդիպումով մը։
Հանդիպումին ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, ինչպէս նաեւ վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչներ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան եւ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Յունաստանէն, Երուսաղէմէն, Լոնտոնէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն եւ Շուէտէն սկաուտական Շար...