Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՍԱՆ ՏԻԷԿՈՅԻ «ՍԵՒԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ

 


17, 18 եւ 19 Փետրուարին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկօ քաղաքին մէջ մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղին վոլիպոլի եւ պասքեթպոլի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը, որոնք տեղի կ’ունենան 33 տարիէ ի վեր:

Մարզախաղերուն մասնակցեցան պասքեթպոլի 73 եւ վոլիպոլի 12 խումբեր, մօտաւորապէս 1000 մարզիկներով:

Տարեկան այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն ո՛չ միայն մարզիկներու, այլեւ՝ ծնողներու եւ Սան Տիէկոյի փոքրաթիւ հայ համայնքին մօտ: Այս տարի, աւելի քան 2000 ծնողներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներ ներկայ եղան ու քաջալերեցին պատանի ու երիտասարդ մարզիկները՝ «մարզական խրախճանքի» մթնոլորտի մը մէջ:

Միջ-մասնաճիւղային այս խաղերը տեղի ունեցան «Alliant International»-ի մարզադաշտերուն վրայ: Մրցաշարքի աւարտին, հետեւեալ մասնաճիւղերու խումբերը գրաւեցին առաջին դիրքերը.-

ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
1. A դասակարգ՝ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
2. A դասակարգ՝ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
3. A դասակարգ՝ «Արարատ» մասնաճիւղ (3)

21-էն վար տարիք՝ «Արարատ» մասնաճիւղ
18-էն վար տարիք՝ Լա Քրեսենթայի «Շանթ» մասնաճիւղ
16-էն վար տարիլ՝ «Արարատ» մասնաճիւղ (1)
15-էն վար տարիք՝ «Արարատ» մասնաճիւղ (2)


ԱՂՋԻԿՆԵՐՈՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԵՒ ՎՈԼԻՊՈԼ
Ինչ կը վերաբերի աղջիկներու պասքեթպոլի մրցաշարքին, վերի դասակարգի մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին կազմը, իսկ վարի դասակարգինը՝ դարձեալ նոյն մասնաճիւղին համապատասխան խումբը:

16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին կազմը:

Վոլիպոլի խաղերուն, վերի դասակարգի ախոյեանութիւնը խլեց Սան Ֆեռնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղին խումբը, իսկ վարի դասակարգի պարագային՝ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմը:

Տարածենք