Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՇՈՒԷՏԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ
Այս տարի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի սկաուտական տարեկան բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուէտի շրջանէն 36 երէց սկաուտներ եւ աստիճանաւորական կազմի անդամներ:
Բանակումին ծրագիրն էր Ա. եւ Բ. կարգի դաստիարակութիւն:
Շուէտէն խմբապետուհի քոյր Կարինէ Սարգիսեան եւ Յունաստանէն մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեան պատասխանատուներն էին այս բանակումին, որուն աշխատանքներուն օժանդակեց եղբ. Եղիշէ Շահպազեան:
Բանակումին Յունաստանի մասնաճիւղերէն մասնակցեցան 10 Առաջնորդներ, Փոխ Առաջնորդներ եւ երէցներ: Իրենց կողքին, անոնք ունեցան օժանդակ խոհարարուհիներ՝ քոյրեր Գոհար Ալեանաքեան, Ծովիկ Մինասեան, Վերժին Գէորգեան եւ Մակի Հալլաճեան:
Բանակումին ընթացքին սկաուտները փայտերով ու չուաններով պատրաստեցին իրենց բանակավայրը, լարեցին խմբակներուն վրանները եւ հետեւեցան գիտելիքներու դաստիարակութեան։ Յետմիջօրէները անոնք լողացին, իսկ երեկոները՝ խարոյկին շուրջ անմոռանալի պահեր անցուցին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուէտի եւ Յունաստանի սկաուտներուն սիրտերը միացան ու փոքր Հայաստան մը կազմեցին բանակավայրին մէջ՝ երգերով, կանչերով եւ պարերով։
Դաստիարակութեան նիւթերէն մէկն էր «Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարները եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը», զոր ներկայացուց Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան: Ներկայացուեցաւ նաեւ «Տիպար խմբապետը» նիւթը՝ քոյր Գոհար Ալեանաքեանի կողմէ։
Բանակումի աւարտին, բանակողները այցելեցին պատմական Փոսիտոնայի Տաճարը եւ Լաւրիօ շրջանը, ուր անոնք պտըտեցան եւ ճաշեցին։ Ապա, բանակումի մասնակցողները ժամանեցին Ֆիքսի ակումբը, ուր հիւրերը մնացին երկու օր՝ մինչեւ Շուէտ իրենց վերադարձը:
Հարկ է նշել, որ իբրեւ շրջան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ընտանիքը լիուլի կատարեց իր պարտականութիւնը Շուէտի քոյր պատուիրակութեան հանդէպ՝ «միշտ պատրա՛ստ» ոգիով։ Իրենց օժանդակութիւնները չզլացան նաեւ Աթէնքի աստիճանաւորները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն վարչութիւնը, շրջանի կոմիտէութիւնը եւ ակումբի անձնակազմը:
Հիւրերը այցելութիւն մը տուին Ս. Կարապետ եկեղեցի եւ հանդիպում մը ունեցան հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեանի հետ: Քահանայ Հայրը յաջորդ գիշեր ինք հանդիպեցաւ ակումբ եւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ ընթրիքով մը պատուեց հիւրերը։
Կատարուեցան նաեւ շարք մը այլ այցելութիւններ՝ Աթէնքի կեդրոն, մայրաքաղաքի շուրջը եւ մօտիկ ծովափները: Բանակումին նպատակը եւ յայտագիրը իրենց աւարտին հասան՝ անմոռանալի տպաւորութիւններ ձգելով բոլորին մօտ:
Թղթակից
ԱԹԷՆՔ