Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս։

Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, Ուրբաթ, 28 Ապրիլի կէսօրին, համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարին (Աթէնք, Մայիս 2019) խումբ մը մասնակիցներու։ Ապա, կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը։

Այնուհետեւ, համագումարը լսեց երեք նիւթեր եւ կատարեց համապատասխան քննարկումներ.-

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը երէկ եւ այսօր»- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան։

«Հայ երիտասարդութիւնը իր տագնապներով եւ սպասումներով»- Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան։

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի կառուցային, կազմակերպական, դաստիարակչական, քարոզչական մօտեցումները որքանո՞վ կը պատշաճին մերօրեայ երիտասարդութեան ակնկալութեան»- Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գազանճեան։

Երիտասարդական համագումարին երկրորդ օրը յատկացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական ծրագիրներու ներկայացման, արժեւորման ու քննարկման։ Կատարուեցան աշխատանիստեր եւ ընդհանուր նիստեր։ Նիւթերը ներկայացուցին.-
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական գործունէութեան շրջագիծը. քննարկում երիտասարդական ուղեգիծի»- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական ուղեգիծը եւ նոր գործադաշտերու կարելիութիւնները»- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Վիգէն Աւագեան։
Յայտնենք, որ համագումարին երկրորդ օրը, մասնակիցներուն այցելեց եւ Կիպրոսի ու կիպրոսի հայութեան մասին պատմական ու այժմէական տեղեկութիւններ փոխանցեց Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։

Աւարտին, համագումարին մասնակիցները ընտրեցին իրենց ներկայացուցիչները, որոնք երիտասարդութեան առաջարկները, ակնկալութիւնները եւ սպասումները պիտի փոխանցեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան։ Համագումարին ներկայացուցիչները Ընդհանուր Ժողովին պիտի մասնակցին խորհրդակցական ձայնով։


ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԴԱՄԲԱՐԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 6-ին, համագումարի աշխատանքներու աւարտէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչական անդամներու գլխաւորութեամբ, մասնակիցները այցելեցին Թիմվօ, Կիպրոսի նահատակաց յուշակոթող, ուր յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին 1974-ին, Թուրքիոյ Կիպրոս ներխուժման օրերուն նահատակուած Յունաստանի եւ Կիպրոսի յոյն զինուորներու յիշատակին։ Տեղի ունեցաւ դափնեպսակի զետեղում եւ յունարէն խօսքի արտասանութիւն։


ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Նոյն օրը, երեկոյեան, ի պատիւ համագումարի մասնակիցներուն կազմակերպուած Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի ճաշկերոյթին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անակնկալ մը հրամցուց ներկաներուն, երբ միութեան «Արտակարգ» շքանշանով պագեւատրեց Կիպրոսի պետական համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն իր մնայուն եւ սերտ աջակցութեան համար։


ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԵՒ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 30 Ապրիլի կէսօրին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող քառանդամ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած ատենապետ Վաչէ Նաճարեանէ, անդամներ Վիգէն Աւագեանէ, Թալին Օրտողլեանէ եւ Օշին Փիրումեանէ, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանգիպում մը ունեցաւ թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք.Տողրամաճեանի հետ։ Տեղի ունեցաւ երախտիքի եւ գնահատանքի յուշանուէրի յանձնում։


Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութիւնը եւ համագումարին մասնակիցները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձան, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունով զետեղեցին ծաղկեպսակ մը։ Համագումարի մասնակիցներուն կողմէ արտասանուեցաւ ոգեկոչական խօսք։

Տարածենք